Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 8 Մայիսի յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ, Խորհրդակցական մարմինը գումարեց ժողով մը: Պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան մօտ կատարուած դիմումին պատասխան սպասելու մթնոլորտին մէջ, ասիկա Խորհրդակցական մարմնին առաջին ժողովն էր: Սրբազանը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Կրօնական ժողովի վերջին նիստին եւ զուգահեռաբար Պոլսոյ կուսակալութեան յանձնուած դիմում-նամակին մասին: Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կրօնական ժողովի անդամներուն կողմէ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքին, դրսեւորուած յանձնառու ոգիին եւ ցուցաբերուած բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեան մասին:
Ընդհանուր փոխանորդը ընդգծեց նաեւ, որ Պոլսոյ կուսակալ Ալի Եէրլիքայա անմիջապէս ժամադրութիւն մը տուած էր՝ դիմում-նամակը յանձնելու համար: Մինչ ներկայիս կը սպասուի պաշտօնական պատասխանին, Խորհրդակցական մարմինի անդամները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին ներկայ փուլը: Դժբախտաբար, պատրիարքական աթոռը չունի պաշտօնական կարգավիճակ մը, զուրկ է իրաւաբանական անձ ըլլալէ եւ չունի նաեւ մնայուն կանոնադրութիւն մը: Այս պայմաններուն ներքեւ, իւրաքանչիւր պատրիարքական ընտրութեան փուլին պատկան իշխանութիւններէն կ՛ակնկալուի ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ բացառիկ կարգադրութիւն մը, միայն մէկ անգամուան համար: Մինչդեռ, ժողովականները նշեցին, թէ որքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ մշտական կանոնադրութիւն մը ունենար պատրիարքական աթոռը: Արամ արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ Կրօնական ժողովը մանրամասնօրէն հաշուի առած է Հանրապետական շրջանի բոլոր նախընթացները եւ նախկին օրինակները: Ժողովականները ընդգծեցին, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ամբողջ տեւողութեան բոլոր քայլերը պէտք է առնուին շատ հաւասարակշռուած եւ ուշադիր ձեւով:
Գումգաբուի մէջ ներկայիս այս առումով բոլոր հաւանականութիւնները նկատի կ՛առնուին, որպէսզի մէր ժողովուրդը ունենայ խղճի հանգստութեան երաշխիքներ: Մեր կարգ ու կանոնաց, աւանդութիւններուն համապատասխան, օրինական ընտրութիւն մը կազմակերպելու ենթագետինը ներկայիս պատրաստ կը համարուի: Խորհրդակցական մարմինի ժողովին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ մեր համայնքը տարակոյս պէտք չէ ունենայ արդարութեան տեսակէտէ եւ ամբողջ գործընթացը ընդհանուր համերաշխութեան պայմաններու մէջ պէտք է յառաջ մղուի:
Արամ արք. Աթէշեան այս կէտին վրայ ընդգծեց, որ պատրիարքական աթոռը եղած է իր խոստումին տէրը եւ Մեսրոպ պատրիարքի սուգի շրջանի անմիջապէս աւարտին կատարուած է պաշտօնական դիմումը: Ընդհանուր փոխանորդը շեշտեց, որ համայնքը ներդաշնակութեան, սիրոյ ու զօրակցութեան մէջ պէտք է ընթանայ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ: Ըստ անոր՝ այս փուլին հոգեւորականաց դասը կը ջանայ օրինակ հանդիսանալ ամբողջ համայնքին՝ պահպանելով միասնականութիւնը: Նորին սրբազանութիւնը նշեց, որ ինք եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան կը ջանան հնարաւորինս մնալ համախոհութեան մէջ: Ժողովականները ցաւով նկատի ունեցան նաեւ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած զանազան լսումները, ըստ որոնց կարգ մը աշխարհական վարիչներ հոգեւորականաց դասու անդամներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն՝ ըստ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ սեփական նախընտրութիւններուն եւ կամայականութիւններուն: Խորհրդակցական մարմինի անդամները ընդգծեցին, որ շատ նպատակայարմար պիտի ըլլար համայնքի աշխարհական վարիչներուն կողմէ զսպուածութեան դրսեւորուիլը:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»