ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներուն գործով դատավարութիւնը պիտի սկսի 13 Մայիսին: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Հայաստանի երկրորդ նախագահի պաշտպանական խումբը:
Նախկին նախագահը 1-2 Մարտ 2008ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործով մեղադրւուած է այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ սահմանադրական կարգը տապալելուն մէջ:
Ըստ այլ մեղադրանքի մը՝ Քոչարեան Փետրուար եւ Մայիս 2008ին, գործարար Սիլվա Համբարձումեանէն ստացած է 927 միլիոն դրամ կաշառք:
Նշենք, որ Քոչարեանի հետ կը դատուին Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի նախկին պետ, ՀԱՊԿի նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեան: