Ծնած եմ Մուսա Լերան փէշերուն թառած, Խըտըրպէկ գիւղը, 1 Յունուար, 1935ին։
Լուսահոգի մայրս միշտ կը պատմէր եւ ուրախութեամբ կ՛ըսէր. «Մեր հարազատներն ու բարեկամները եկան ու ըսին. շնորհաւոր ձեր տղան եւ ձեր Նոր Տարին»: Չորս տարեկանիս, 1939ին, ծնողքիս հետ գաղթած եմ Լիբանան եւ հաստատուած Այնճար հայաւանին մէջ, ուր վրաններու շուքին տակ ծանօթացած Մեսրոպեան տառերուն, երբ Շաւարշ Միսաքեանի ջանքերով «Յառաջ» վարժարանը կը բացուի, հոն շարունակեցի եւ ստացայ նախակրթարանի վկայականը:
Երկրորդական ուսումս ստացած եմ Վենետիկի Մխիթարեան հայրերուն մօտ՝ Ս. Ղազար։ Գրականութեան, մատենագրութեան, գրաբարի եւ հայոց պատմութեան որպէս ուսուցիչներ ունեցած եմ Հ. Կ. Քիպարեան, Հ. Ե. Փեչիկեան Հ. Մ. Ճանաշեան, Հ. Վ. Յովհաննէսեան, Հ. Ն. Տէր Ներսէսեան եւ Հ. Պ. Անանեան։ Անոնց հսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ հետեւած եմ հայագիտական դասընթացքներու եւ ստացած համապատասխան վկայական:
Համալսարանական ուսումս ստացած եմ Հռոմի Կրեկորիանա համալսարանին մէջ եւ ստացած Պսակաւոր Իմաստասիրութեան վկայականը:
1959ի Օգոստոսին, Իտալիայէն վերադարձիս, սկսայ դասաւանդելու «Յառաջ» վարժարանի ամառնային դպրոցին մէջ եւ կազմեցի «Ճպուռ» Մանկապատանեկան երգչախումբը եւ առաջին ելոյթը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ ծնողներուն եւ բարեկամներուն կողմէ: Ամառնային դպրոցին մէջ սկսայ նաեւ Ընդհանուր զարգացման փորձերը, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին աշակերտներուն մօտ:
1960-61 տարեշրջանին դասաւանդեցի Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, դասաւանդելով գրաբար, մատենագրութիւն եւ հայոց պատմութիւն: 1961-62 տարեշրջանին, հրաւիրուեցայ դասաւանդելու Այնճարի «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանները հայերէն, գրականութիւն, գրաբար, մատենագրութիւն, հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն:
«Ճպուռ»ը, դարձեալ սկսաւ իր տարեկան ելոյթներուն, փնտռուած մանկական երգչախումբ մը հանդիսանալով եւ անիկա ներկայ էր բոլոր ձեռնարկներուն: «Ճպուռ»ի կողքին, դպրոցին մէջ, պաշտօնակից ընկերներուս հետ մեծ աշխատանք կատարեցինք՝ ընկերային կեանք ստեղծելով:
1963 տարեշրջանին, պատրաստեցինք «Պարարակ Հասկեր» աշակերտական թերթը, իւրաքանչիւր աշակերտ իր ձեռքով գրեց իր յօդուածը, իսկ յաջորդ տարին «Մուսա Լեռ» թերթը հրատարակեցինք: Դպրոցին կողքին, վերակենդանացուցինք Շրջանաւարտից միութիւնը, մեզի տրամադրուեցաւ յատուկ սենեակ, կազմեցինք գրադարան, Նոր տարիին կազմակերպեցինք հաւաքոյթներ, ամբողջութեամբ նորոգեցինք «Տիգրանեան» սրահը, Երիտասարդ երիտասարդուհիներուն համար «Դալար Անկիւն»ը պատրաստեցինք, ամառնային եղանակին համար, գիւղապետարանին դիմացը՝ աւազանին շուրջ զետեղեցինք սեղաններ, ուր երիտասարդ- երիտասարդուհիները խաղերով կը զբաղէին եւ ամէն շաբաթ երեկոները, յատուկ դասախօսութիւններ տեղի կունենային: «Ճպուռ» երգչախումբի կողքին, կազմեցինք «Աշուղ Ջիւանի» մեծերու երգչախումբը, «Սեւումեան» թատերախումբ եւ «Սիփան» պարախումբը, «Ճպուռ» մանկապատանեկանի կողքին, ձեռնադաշնակի (աքորտիոն) 20 հոգիներէ բաղկացած խումբը:
Ելոյթներու ընթացքին, «Ա. Ջիւանի»ն եւ «Ճպուռ» մանկապատանեկանը կենդանի պատկերներով ներկայացուցին Ա. Ջիւանիի «Ձախորդ Օրերը» եւ Սայեաթ Նովայի «Քամանչան», աշուղական տարազներով եւ նուագարաններով, իսկ երգչախումբը բեմին վրայ աշուղները շրջապատած՝ կ՛երգէր, իսկ «Ճպուռը»՝ «Կենդանիներու Ժողովը», «Ճախարակ» (իլիկները իրենց ձեռքերուն), «Խնձորներ Կը Ծախեմ», «Մլաւան Կատուն» եւ ուրիշներ, միշտ ելոյթներուն կենդանի պատկերով կը բեմադրուէին երգեր, որոնք ծափերով կը դիմաւորուէին: Երգը կենդանի պատկերով ներկայացնելը շարունակուեցաւ Ազգային Մարտիկեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական վարժարաններուն մէջ:
Այնճար հայաւանը այդ տարիներուն վայելեց իր զաւակներուն շրթներէն բարձրացող մանկական, աշուղական, հայրենասիրական եւ յեղափոխական գեղեցիկ երգեր։ Ժողովուրդը ականատեսը եղաւ պարախումբին եւ թատերախումբին գրաւիչ ներկայացումներուն։ Այս եռուն գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ1968 տարեշրջանը:
1969 տարեշրջանին, հրաւիրուեցայ Անթիլիասի Մարտիկեան, ապա Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը, ուր նոյն թափով, դասերու կողքին՝ շարունակեցի մշակութային գործունէութիւնը: «Ճպուռ» մանկապատանեկան երգչախումբի անդամներուն թիւը հասաւ առաւել քան 200ի եւ պատերազմի այդ տաք օրերուն, անիկա շարունակեց իր երգերով սիրտեր զովացնել: Անթիլիասի Համազգայինը կազմեց «Նանօր» երգչախումբը, որուն ղեկավարութիւնը ինծի յանձնուեցաւ եւ առաջին ելոյթին, «Նանօր»ին կ՛ընկերանային Լիբանանի երաժշտանոցի նուագողները, իրապէս, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը համախմբուած հանդիսատեսները, մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափերով իրենց սիրտի զգացումներն ու ուրախութիւնը յայտնեցին:
Լիբանանի մէջ, գեղեցիկ գաղափարը ունեցանք, որ Ազգային դպրոցներու համար, դասագիրքերու կողքին, աշակերտը ունենայ նաեւ իր երգարանը: Վաղամեռիկ Ալեքս Մնակեան յօրինեց եւ հրատարակեց իր «Երգարան»ը, Վարուժան վրդ. Հերկելեանի գրած բառերով ես պատրաստեցի եւ հրատարակեցի «Նախակրթարանի Երգարան»ը, «Կաղանդի Երգեր»ը եւ «Սկաուտին Երգարան»ը:
Օգոստոս 1987ին, ընտանիքով Ամերիկա փոխադրուեցանք, եւ Սեպտեմբերին սկսայ Ազգային Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական դպրոցին մէջ դասաւանդելու՝ հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ երգ: Առաջին օրէն կազմեցի «Ճպուռ» երգչախումբը: ԳԶՎ Ազգային դպրոցին մէջ, «Ճպուռ»ին մասնակցող աշակերտներուն թիւին պատկերը 125էն վեր էր։ Անիկա հիւրն էր Սան Ֆրանսիսքոյի բոլոր ձեռնարկներուն, կը մասնակցէր ոչ միայն Ս. պատարագին, այլ նաեւ Քառասնորդացի շրջանին իր մասնակցութիւնը կը բերէր երեկոյեան ժամերգութեան, Ս. Ծնունդի եւ Զատկուան ընթերցուածներուն։ Երաժշտական այս բեղուն կեանքը շարունակուեցաւ մինչեւ 2002՝ հանգստեան կոչուիլս:
ԳԶՎ դպրոցին մէջ հրատարակեցինք աշակերտական «Կամուրջ» պարբերագիրքը, տարին երկու անգամ, իչնպէս նաեւ բազմաթիւ աշակերտներու համար դասագրքեր եւ շարք մը երգարաններ։
2002 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսին, Արամ վեհափառը, գնահատելով երկար տարիներու աշխատանքս Ազգային վարժարաններու մէջ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան ղրկած էր։
Բաբգէն Չարեան՝ շրջանիս հոգեւոր հովիւը, ծափերու ոլորտին մէջ բեմ բարձրանալով՝ կուրծքիս վրայ զետեղեց զայն:
Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանիս միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք եւս յայտնեցին իրենց գնահատանքի խօսքերը:
Ներկայիս կը բնակիմ Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքը, տիկնոջս՝ Նարդուհիին, երկու զաւակներուս՝ Սեւանին, Վահանին եւ չորս թոռներուս հետ: Սեւանին զաւակները՝ Լոռի եւ Րաֆֆի, Վահանին՝ Սարին եւ Սարգիս:
ԾԱՆՕԹ
2009 եւ 2010 տարեշրջաններուն, ամէն Կիրակի, Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ռատիօժամէն ձայնասփռած եմ «Պատմութիւնը Կը Խօսի» խորագիրին տակ (կը ներկայացնէի Երկուշաբթիէն Կիրակի օրերը) հայոց պատմութեան մէջ պատահած երեւոյթները, իսկ «Հոգեւոր Ղօղանջներ» խորագիրին տակ մեր եկեղեցական պատմութիւնը՝ սկսելով հեթանոս Հայաստանէն մինչեւ մեր օրերը: Թղթակցած եմ «Ասպարէզ» թերթին՝ 1987էն սկսեալ մինչեւ Նոյեմբեր 2018:
Սարգիս Փանոսեան, Ֆրեզնօ, 23 Նոյեմբեր 2018։
Ստոորեւ կը ներկայացնենք մեր պատրաստած երգարանները.
«Նախակրթարանի Երգարան» (1971)
«Ձայնագրեալ» (1971)
«Կաղանդի Երգեր» (1983)
«Սկաուտական Երգարան» (1987)
«Վարդանանց Ծաղկեփունջ» (1999-2000)
«Լոյսի Աղբիւր» (700ամեակ, 301-2013)
«Աշակերտական Առձեռն Երգարան» (Կոմիտաս, 2001-2002)
«Ճպուռին Երգարանը» (2000-2001):