
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախորդ նախագահ Հայտար Ալիեւի երբեմնի մօտիկ զինակից, երկրին առողջապահութեան նախկին նախարար, իսկ ապա նախկին քաղաքական բանտարկեալ Ալի Ինսանով կոչ ըրաւ Պաքուին՝ հրաժարուելու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ լուրջ քայլեր որդեգրելու՝ հայերու հետ հաշտութեան եզրեր գտնելու ուղղութեամբ:
Ինսանով այս կոչը կատարեց «Ամերիկայի Ձայն» լրատուականին ատրպէյճանական ծառայութեան հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր բանտէն ազատ արձակուելէն ետք։
Նշենք, որ Ալի Ինսանով Իլհամ Ալիեւի դէմ յեղաշրջում կազմակերպելու մեղադրանքով 14 տարի բանտարկուած էր։
«Մենք պէտք է վերջ տանք ռազմատենչ հռետորաբանութեան: Երկու ժողովուրդները մեղաւոր չեն, որ հակամարտութիւնը նման սուր բնոյթ ստացած է: Անհրաժեշտ է հաշտութեան հասնիլ: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարելի է լուծուել բացառապէս խաղաղ ճամբով, այդ իսկ պատճառով, Պաքու պէտք է հանդէս գայ որպէս վստահելի գործընկեր: Այսօր, սակայն, միջազգային հանրութիւնը ղարաբաղեան հարցի լուծման մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ վստահութիւն չունի», նշեց Ինսանով։
1993էն 2005ի միջեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնած Ինսանով ծնած է Բագրատաշէն եւ Հայտար Ալիեւի իշխանութեան տարիներուն ան կը համարուէր Հայաստանէն սերող ատրպէյճանցիներու ոչ-պաշտօնական առաջնորդը: Հարցազրոյցին մէջ Ինսանով շեշտեց, թէ մինչ այսօր հայերէնը չէ մոռցած:
«Հայերը ասացուածք մը ունին՝ «Որտեղ հաց, էնտեղ կաց»: Այս կը նշանակէ, որ մենք Ղարաբաղի հայերուն համար այնպիսի պայմաններ պէտք է ստեղծենք, այնպիսի բաց ու ժողովրդավարական հասարակութիւն պէտք է կառուցենք, որ Ղարաբաղ բնակող մեր հայազգի քաղաքացիները իրենք փափաքին մնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», յայտնեց Ալի Ինսանով:
Ան նաեւ կը հերքէ իրեն հասցէին կատարուած այն մեղադրանքը, թէ պաշտօնավարման ընթացքին հովանաւորած է բացառապէս Հայաստան ծնած ատրպէյճանցիները՝ ձեւաւորելով այսպէս կոչուած «Հայաստանեան խմբակը»:
«Ես երբեք չեմ ծածկած այն իրողութիւնը, որ ծնունդով հայաստանցի եմ: Որեւէ մէկը պէտք չէ ծածկէ իր ծագումը: Բայց իմ շուրջ ես միայն հայաստանցիներ չէի հաւաքած: Կային Պաքու կամ Լենքորան ծնածներ: Ես նպաստած եմ մասնագիտական աճին շուրջ 50 գիտնականներու, ո-րոնցմէ միայն հինգը կամ վեցը Հայաստանէն էին», եզրակացուց Ալի Ինսանով։