ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն, Արցախի պետական պիւտճէի մուտքերը աճ արձանագրած են: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ նախորդ տարուան ցուցանիշը գերազանցած են 3.3 տոկոսով կամ 635 միլիոն 900 հազար դրամով:
Ըստ աղբիւրին՝ պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտներու եւ տուրքերու գումարէն 16 միլիառ 418 միլիոն 400 հազար դրամը կամ 83.3 տոկոսը ապահովուած է մեծագումար հարկ վճարողներէն: