ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՌԿԱ».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական ՌԲՔ պատկերասփիւռի ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պատմեց, թէ որքան ծախսուած է թաւշեայ յեղափոխութեան համար:
«Մեր յեղափոխութեան համար մենք ծախսել ենք գրեթէ 200 հազար դոլար: Մեր յեղափոխութիւնը՝ ռոմանտիզմի յաղթանակն էր պրագմատիզմի (գործնապաշտութեան-Խմբ.) նկատմամբ», ըսաւ Փաշինեան:
Ժամանակն է, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը Ճորճ Սորոսը պարգեւատրէ որպէս «Հայաստանի Նոր Ժամանակներու Յեղափոխութեան Հովանաւոր»: Եւ յետոյ պէտք է պատկառելի հրապարակ մը ընտրուի՝ Սորոսի արձանը կանգնեցնելու համար: Ցուցատախտակին վրայ գրելով՝ «Կեցցե՛ս Սորոս. առանց քեզի՝ մենք մեր աւանդոյթներուն դէմ պիտի չդաւաճանէինք»…: