ԷԴՄՈՆ (ԷԴԻԿ) ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Օգոս. 27, 1939ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, հօրեղբօր, եւ հարազատին՝ Էդմոն (Էդիկ) Յովսէփեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave.։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սեդա Յովսէփեան
Զաւակը՝ Արիս եւ Էդիթ Յովսէփեան
Զաւակը՝ Ալէք եւ Ալիս Յովսէփեան
Եղբօր կինը՝ Իդա Յովսէփեան եւ դուստրը՝ Մոնիքա (Գանատա)
Եղբօր զաւակը՝ Արթուր եւ Միմի Յովսէփեան եւ զաւակները
Քենին՝ Այդա եւ Արա Մարտիրոսեան
Քենիին դուստրը՝ Անէթ եւ Վազգէն Պօղոսեան
Քենիին զաւակը՝ Յովիկ եւ Ստելլա Մարտիրոսեան եւ զաւակները
Քենին՝ Մագդա Աղաբէգեան
Քենիին զաւակը՝ Րաֆֆիկ եւ Աննա Կիրակոսեան եւ զաւակները
Խնամին՝ Լիլի Իւսէֆեան
Զարմիկները՝ Իդա եւ Էդօ Բաբռուդի
Վերոնիկ Աղայեան
Սանիկը՝ Երւանդ եւ Արեւիկ Բալալեան
Եւ համայն Յովսէփեան, Աղաբէգեան, Մարտիրոսեան, Պօղոսեան,
Կիրակոսեան , Իւսէֆեան, Բաբռուդի, Աղայեան, Բալալեան,
Բունեաթեան, Ջառահեան, Մանուկեան ընտանիքները,
ընկերները, հարազատներն ու բարեկամները
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի վերոյիշեալ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Էդիկ Յովսէփեան» կարօտեալ ընտանիքներու Ֆոնտին (ARS Edik Hovsepian Needy Family Memorial Fund)։