ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ, 1915ին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն վերաբերեալ կազմակերպուած համաժողովին ընթացքին ասորական կազմակերպութիւններ եւ գիտնականներ Թուրքիայէն պահանջեցին ճանչնալ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութիւնները, կը հաղորդէ «evrensel.net» կայքը:
Համաժողովին մասնակցեցան ասորի քաղաքական-հասարակական գործիչներ, ցեղասպանութենէն փրկուածներ եւ փրկուածներու ժառանգորդներ, ինչպէս նաեւ շուէտցի քաղաքական գործիչներ ու լրագրողներ:
Իր ելոյթին մէջ պատմաբան Տէյվիտ Կանթ նշեց, որ պատմաբաններուն մեծամասնութիւնը միակարծիք է 1915ի տեղի ունեցած ցեղասպանական դէպքերուն վերաբերեալ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շուէտի խորհրդարանի հայ նախկին պատգամաւոր Մուրատ Արթին, որ յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա առերեսուի իր իսկ պատմութեան հետ, ինք պիտի ըլլայ բոլորէն աւելի շահողը: