Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորները 19 Փետրուարէն 2 Մայիս, գիտարուեստական հետազօտութեան եւ մաքրութեան աշխատանքներով 25 հազար 290 քառ. մ. տարածք ականազերծած են:
Այս մասին նշուած է «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»ի կայքին վրայ:
«Մարդասիրական խումբի բժ-իշկները հետազօտական եւ վիրաբուժական բնոյթի օգնութիւն ցուցաբերած են հարիւրաւոր քաղաքացիներու: Կատարուած են նաեւ բուժման, կենսաքիմիական եւ տարրալուծական հետազօտութիւններ: Հայ մասնագէտները կը շարունակեն իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը», նշուած է Կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: