ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու (ԱԻՆ) նախարարութիւնը հարստացաւ 14 հրշէջ ինքնաշարժներով, 3 սանդուղներով եւ 1 կարգավար ինքնաշարժով, որոնք կը բաշխուին Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզային հրշէջ փրկարարական ստորաբաժանումներուն:
Ինքնաշարժներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տեղի ունեցաւ 6 Մայիսին, ԱԻՆի շարահրապարակին վրայ: