Ապրիլ 2019ին լոյս տեսած ՀԲԸՄի ամսագիրը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ տարի՝ 2018ին, բարեգործական կազմակերպութիւնը ստացած է շուրջ 16 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններ:
15,984,531 տոլար գումարը գոյացած է մեծ եւ փոքր նուիրատուութիւններէ: Մեծագոյն նուիրատուներն են՝ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ (Անգլիա)՝ 2,765,000 տոլար, մի ոմն Քալիֆորնիայէն՝ 2 միլիոն տոլար, Թրփանճեան Ընտանեկան կրթական հիմնադրամ՝ 1,313,500 տոլար, Նորա Գահեան կտակ՝ 1,110,402 տոլար, Ռիչըրտ Ճոզեֆ բարեգործական հիմնադրամ (Նեւատա)՝ 1,090,499 տոլար, Վահէ եւ Վերոնիքա Կարապետեաններ (Քալիֆորնիա)՝ 960,000 տոլար, Փաուլա Պալատուր կտակ (Իլինոյ)՝ 867,868 տոլար, Ճօան Փէյտըն (Քալիֆորնիա)՝ 500,000 տոլար, տէր եւ տիկին Հէրի Թուֆայեան (Ֆլորիտա)՝ 450,000 տոլար:
Նախորդ տարի ՀԲԸՄին կատարուած նուիրատուութիւններու գումարը հասած էր 16,957,436 տոլարի:
Արդեօք մեր միւս կազմակերպութիւնները ե՞րբ պիտի հետեւին ՀԲԸՄ-ին եւ բաց հաշուետուութեամբ ներկայանան ժողովուրդին: Ի վերջոյ՝ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ «ոչ-շահութաբեր» չե՞ն…: