ՀՕՄի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» Մասնաճիւղը իր տարեկան հասութաբեր ձեռնարկին որոշած էր առանձնայատուկ ոճով ֆլամենքօն ներկայացնել իր հիւրերուն: 23 Մարտին, ձեռնարկին ներկայ գտնուողները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան սպանական ֆլամենքօ պարարուեստին:
Ձեռնարկը կազմակերպող պատասխանատու ընկերուհիները՝ Անճելա Սաւոյեան, Վիվիան Ֆրետերիքսըն եւ Վալերի Սոլոմենթ ճիգ չէին խնայած Ներկաներուն բացառիկ մթնոլորտ մը հրամցնելու համար: Անշուշտ, անոնք ապահոված էին մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիներուն բոլորանուէր մասնակցութիւնը: Այս տարի, «Արարատ տան» «Մասիս» մասնաճիւղէն եւ «Կարմիր Գլխարկ» խմբակցութենէն անձեր միացած էին Մոնթեպելլոյէն մեզ միշտ հովանաւորող եւ քաջալերող անհատներուն:
Նայիրի Մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնիա Ֆնտքեան իր խօսքին մէջ բացատրեց մասնաճիւղին տարած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի մնայուն բարեկամներուն իրենց հովանաւորութեան համար:
Ընկերուհին ներկայացուց եւ խօսք տուաւ սրահին մէջ ներկայ գտնուող նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիստին Կարսիային, որ շնորհաւորեց եւ գնահատեց Նայիրի Մասնաճիւղի իրագործումները եւ գաղութային աշխատանքները:
Ձեռնարկին ամէնէն հետաքրքրական բաժինը ֆլամենքօ պարախումբի անդամ Անժելիթային տուած բացատրութիւններն էին սպանական ազգագրական պարին մասին: Ան իր հետ բերած էր կիթարիստ մը եւ երգիչ մը, ան եւ պարախումբի վեց անդամներուն կատարողութեամբ սքանչելի սպանական մթնոլորտ մը ստեղծեցին Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնի ներկաներուն վայելքին համար: Պարախումբին մաս կազմող հանրածանօթ Արա Մելքոնեան, պարարուեստին դերուսոյցը եւ սպանական պարի մասնագէտ պարող ըլլալով՝ խանդավառեց բոլորը: Իրեն միացաւ Յարութ Պալթայեան, որ երկրորդ յայտնութիւն մը եղաւ սպանական պարի իր հմուտ կատարողութեամբ:
Անշուշտ, ներկաները ուրախ էին, որ պարախումբի վեց անդամներէն երկուքը հայ էին:
Կրէկ Հօշարեան ներկաներուն այլազան երգերու եւ նուագի ոգեշունչ փունջ մը ընծայեց: Հրաչ եւ Արա եղբայրները սպանական ճաշատեսակներ սպասարկեցին, իսկ մասնաճիւղի երիտասարդ ընկերուհի Մարի Փելթեքեան հմտութեամբ վարեց վիճակահանութիւնը:
Մասնաճիւղի՝ «Ֆլամենքօ յատուկ փայլով» ձեռնարկի յանձնախումբի խօսնակ եւ հանդիսավար ըԱնճելա Սաւոյեան շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, մասնաճիւղի ժրաջան ընկերուհիներուն՝ իրենց աշխատանքին առթիւ, եւ մանաւանդ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին՝ իր յարատեւ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան ու ձեռնարկին յաջողութեան համար։ Ան Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Անի Տիգրանեանին, որ ձեռնարկին գրքոյկը պատրաստած էր:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը համաշխարհային բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հովանաւորէ շաբաթօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններ, կը նպաստէ հայկական մշակոյթի յարատեւման եւ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ հոն, ուր կարիք կայ եւ իր ներդրումը ունի հայրինիքի, Արցախի եւ Ջաւախքի մեր ժողովուրդի բարօրութեան:
ՀՕՄԻ Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» մասնաճիւղը, իր կարգին, 51 տարիէ ի վեր իր մասնակցութիւնը բերած է գաղութի եւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի յառաջդիմութեան, ունի իր շաբաթօրեայ վարժարանը եւ 5 աստղանի ՀՕՄի «Նայիրի» մանկամսուրը, իսկ վիրջին տարիներուն մասնակցած է Մոնթեպելլոյի ոստիկանատան կազմակերպած Կաղանդի առթիւ կարիքաւոր երեխաներու նուէր եւ խաղալիք բաժնելու ծրագիրին:
(Թղթակցութիւնը
մասնաճիւղէն)
Ապրիք հօմական խաչուհիներ: Սպանիացիները լուր ունի՞ն որ մեր մշակոյթը մէկողմ ձգած էք եւ իրենց մշակոյթը կը հրամցնէք հայերուն: Լաւ է որ աս ձեռնարկը Ապրիլին չեն ըրած: