ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին առիթով, այս տարի եւս Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ, որոնց մասնակցեցան 1000է աւելի հայորդիներ։
Ձեռնարկները ընթացք առին քայլարշաւով դէպի «Սանսեթ» զբօսայգի, ուր հաստատուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկում՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն։
Նաեւ, Լաս Վեկասի հետզհետէ աճող հայութեան ջանքերով, Նեւատայի նահանգապետ Սթիւ Սիսոլաք Հայոց Ցեղասպանութեան առիթով դիպուկ յայտարարութիւն մը հրապարակեց, քաջալերելով անոր իրազէկման ջանքերը։