ԼԱԿՈՒՆԱ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Միացեալ Նահանգներու սկաուտական՝ «Boy Scouts of America» կազմակերպութեան Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղը իր «Արծիւ» շքանշանին տարուան լաւագոյն ծրագիրը ընտրուեցաւ Հայաստանի «Օրրան» բարեսիրական կազմակերպութեան ի նպաստ՝ սկաուտ Ճոզէֆ Յովհաննէսեանի նախաձեռնութիւնը, որ մեծարուեցաւ մասնաճիւղին տարեկան ձեռնարկին ընթացքին։
724 ծրագիրներուն մէջէն լաւագոյն ընտրուած նախաձեռնութեան նպատակն էր գոյացնել 1500 տոլար գումար մը, «Օրրան» բարեսիրական կազմակերպութեան երկու կարի մեքենաներ հասցնելու նպատակով։ Ան յաջողած էր 5000 տոլար աւելի գումար հաւաքել, երկուքի փոխարէն չորս կարի մեքենաներ եւ մեծ քանակութեամբ կերպասեղէն գնել ու ապահովել «Օրրան»ի պատաիներուն եւ երիտասարդներու կարի դասատուին ծախսերը։
Քոսթա Մեսայի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի աշակերտներէն մէկը հանդիսացող Ճոզէֆ Յովհաննէսեան իր ընտանիքին հետ Հայաստան այցելելով՝ իր նուէրները յանձնած է «Օրրան» կազմակերպութեան։
Յիշեցնենք, որ «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2000ին՝ Րաֆֆի եւ Արմինէ Յովհաննիսեաններու կողմէ՝ կարիքաւոր ընտանիքներու օգնելու առաքելութեամբ: Անոր մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար՝ կարելի է այցելել www.orran.am կայքը: