ԹԻՖԼԻՍ, «Ամերիկայի Ձայն».- Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի 2 Մայիսին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդունեց, որ ներկայիս Վրաստանի մէջ ամերիկեան զօրքերու տեղակայումը «նպատակայարմար չէ»՝ աւելցնելով. «Չեմ կարծեր, որ Վրաստանի մէջ ամերիկեան ռազմակայան տեղակայելը անհրաժեշտ է կամ խոհեմ: Մեր աշխարհագրական դիրքը նկատի ունենալով, մենք պէտք է ամրապնդենք մեր ապահովութիւնը եւ պէտք չէ առնենք այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան սադրանք նկատուիլ»։
Ան նոյն ժամանակ աւելցուց, թէ ընդլայնելով վրաց-ամերիկեան ռազմական համագործակցութիւնը, Վրաստան ռազմականօրէն աւելի ազդու պիտի դառնայ։
«Կ՛ակնկալենք ռազմական գործակցութեան ընդլայնում Միացեալ Նահանգներու հետ, թէ՛ ուղղակի եւ թէ ՆԱԹՕի միջոցաւ», աւելցուց ան։
Անդրադառնալով Ռուսիոյ հետ տարակարծութեանց, յատկապէս Մոսկուայի աջակցութեան՝ Վրաստանէն անջատուած Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ, ան ընդունեց, որ անոնց կարգաւորումը հաւանական չի նկատեր ներկայ պայմաններուն մէջ, նոյնինքն Մոսկուայի կողմէ ստեղծած իրավիճակին պատճառով։ «Վրաստան յայտարարած է, որ ուժի կիրառումով խնդիրներ չեն լուծուիր, ուրեմն կը մնայ դիւանագիտութիւնը: Սակայն, մենք չունինք դիւանագիտական յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ: Այս պայմաններուն մէջ, մենք կրնանք միայն ակնկալել, որ այլ երկրներու մեր գործընկերները Ռուսիոյ հետ իրենց բանակցութիւններուն ընթացքին կը բարձրացնեն այս հարցերը», աւելցուց ան:
Նոյն ժամանակ, Զուրապիշվիլի նշեց, որ հակառակ անոր, որ Ռուսիա յաջողած է Վրաստանէն անջատել տարածքներ, սակայն Մոսկուա չէ յաղթած, որովհետեւ յաղթանակը կ՛ենթադրէր Վրաստանը դնել Քրեմլինի ազդեցութեան տակ», մինչդեռ, Վրաստանի արտաքին քաղաքական նպատակը մնաց անփոփոխ եւ Մոսկուա այսօր լծակներ չունի դէմ դնելու Վրաստանը ՆԱԹՕի կամ Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելու ջանքերուն: