ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շուէտի խորհրդարանը Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
Շուէտի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Մայիս 2ին Շուէտի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման վերաբերեալ քննարկում, որուն հրաւիրուած էր դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեանը:
Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած են խորհրդարանի վեց խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են համաձայնագրի վաւերացման:
Նոյն օրը երեկոյեան խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ՝ 2017թ. Նոյեմբեր 24ին: Համաձայնագիրը վաւերացուցած են հետեւեալ պետութիւնները՝ Հայաստան, Պուլկարիա, Դանիա, Էսթոնիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Լիթուա, Լաթվիա, Լիւքսեմպուրկ, Մալթա, Լեհաստան, Ռումանիա, Գերմանիա, Ֆինլանտա: