ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Որքան մխրճուինք մեր ազգային ու հասարակական կեանքին մէջ եւ մանաւանդ կրթական մարզէն ներս, այնքան շօշափելի կը զգանք այդ բացակայութիւնը անոնց, որոնց նկատմամբ կը տածենք սէր եւ յարգանք:
Այսպէս, կորսնցուցինք սիրելի մը՝ նուիրեալ ուսուցիչս, որ նաեւ ծանօթ է իբրեւ մկրտուած կրթական մշակ: Կորսնցուցինք ուսուցիչ Սարգիս Փանոսեանը, որուն հետ ճակատագիրի բերումով ազգային վարժարանի մը մէջ նաեւ դարձած էի իր պաշտօնակիցը:
Իր այս ցաւալի բաժանումով, մեկնումով, ան իր հետ կը տանէր տարիներու մեր բարեկամութիւնը, մեր յուշերը, աշակերտական տարիներուս անհամար անմեղ կատակներուս ու «չարութիւններուս» հետ:
Այս վայրկեանին, երբ զանազան ու տեսակաւոր մտածումներ կ՛անցնին միտքէս, կ՛ըսեմ, որ ոչ միայն հին երգիչ մըն ալ լռեց, հայերէն գիրք կարդացող մը կամ հայերէն դասագիրքեր պատրաստող մը, այլ՝ հայ թերթ ընթերցող մը, նաեւ համեստ թղթակից-աշխատակից մը:
Ցաւալի է չէ՞: Անձնապէս բախտը ունեցած եմ զինք շատ մօտէն ճանչնալու եւ իրեն հետ նոյնքան ալ մօտէն երկար զրուցելու ու գործակցելու: Դժբախտաբար, ժամանակի վազքն էր, որ հոս, այս երկրին մէջ զրկած էր մեզ կեանքի անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ սկսած էինք յաճախ իրարու հետ հեռուէն խօսելու, բաժնելու կամ բաժնեկից դառնալու մեր ուրախ եւ տխուր պահերուն:
«Ի՞նչ կրնանք ընել, այս այսպէս է» ըսելով՝ մենք զմեզ միշտ կ՛արդարացնէինք: Հաւանաբար մեզի բաժին ինկած կեանքը այսպէս է եղեր: Չգրուած օրէնք: Իրարմէ հեռու եւ անջատ: Ու տողերուս համարձակութիւն դնելով, ցաւ ի սիրտ՝ ըսեմ, որ յարգանքի վերջին տուրքս ալ չկրցայ տալ, հասցնել 10րդ կարգի գրաբարի այս ուսուցիչիս եւ անշուշտ՝ կրթական մշակ պաշտօնակիցիս, որուն խոնջէնքը, Հալէպէն մինչեւ Անթիլիաս, ապա Սան Ֆրանսիսքօ տարածուած էր:
Սարգիս Փանոսեան ճանչցուած ուսուցիչ մըն էր: Խիստ, սակայն բարի: Կը պոռար, կը բարկանար, սակայն ներողամիտ ժպիտով կը ծածկէր մթնոլորտը: Գրաբարագէտ եւ երաժշտագէտ ալ էր, հմուտ եւ համեստ: Խմբավար էր, պարտաճանաչ եւ պահանջկոտ: Ան մեծ հաւատացող մըն էր իր գործին, առաւել քան՝ երեւոյթներուն:
Նախակրթարանի աշակերտներուն համար սրամիտ խօսքերու կողքին, ստեղծագործ աշխատանք ալ տարած էր. բարեսիրտ՝ նոյնքան ալ գթասիրտ:
Կեանքը ապրուած վէպ մըն է, ըսած են մեր մեծերը: Փանոսեանի պարագային, դասագիրք, երգարան, երգ, երաժշտութիւն, աշակերտական «Ժպուռ» երգչախումբ եւ խմբավար՝ ասոնք եղած էին իր «վէպերը», որոնց միջոցով այդ հարիւրաւոր փոքրերուն սիրտերը կը լեցնէր ազգային հպարտութեամբ, մէջը խառնելով հայու անհուն ուրախութիւնն ու տանջանքները, սէրը, յոյսն ու հաւատքը:
Ահա այս էր նաեւ իր տեսլականը: Տաղանդաւոր հայ մշակ մը, որ Վենետիկը հետը կը պտըտցնէր: Ըսելու, խօսելու եւ պատգամելու ու նաեւ բարկանալու հաստատատիպ ձեւ ու ոճ ունէր, որ ամէն բանի վրայ կը տարածէր: Իր կեանքին կշռոյթով եւ ամբողջ տեւողութեամբ ան գործեց յանուն հայ գիրին ու երգին իր յատուկ խստութեամբ, ծիծաղով եւ ինքնածին հիւմուրով:
Միշտ եւ ամէն առիթով գնահատեց ճիշդն ու ճշմարիտը, նոյն ժամանակ մատնանշելով վատն ու սխալը:
Ան ուրախացաւ հայրենիքի անկախութեամբ եւ ցարդ անոր արձանագրած նուաճումներով: Տագնապեցաւ նոր սերունդի հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութեամբ: Իւրաքանչիւր հանդիպողի յոյսի մաղթանքներուն խառնեց իր ժպիտը:
Անոնք, որոնք ապրեցան իր մտերմութիւնը, կրնան հաստատել այս բոլորը:
Կրկնութեան գնով ըսեմ, որ Սարգիս Փանոսեանի համար կեանքը եղած էր ուսուցչութիւնը, հայ գիրի ու հայ երգի կողքին: Կոչում ունէր: Անսահման նուիրում, այդ պատճառաւ յարգած էի զինք, իր անձին ու գործերուն հետ միատեղ:
Հարիւրաւոր աշակերտներու ներշնչած էր լաւատեսութիւն, բարոյական եւ մտային զօրութեամբ ու ազգանուէր համոզումներով: Իրեն համար հայ դպրոցը սերունդ պատրաստող կեդրոն մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ հայկական պատկանելիութիւն եւ իմացական հաւաքական մթնոլորտ ստեղծող կեդրոն էր:
Սխալներ չէր հանդուրժեր, ընկրկումներ չէր ընդուներ, կը բարկանար, կ՛ընդվզէր: Հոգածու էր բոլորին, ասոր շնորհիւ մտերմիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծեց իր հսկայ շրջապատին մէջ: Ազգանուէր գործ կատարած էր, երկար տարիներով ծառայելով կրթական ասպարէզին մէջ: Անդադար շունչ սպառած էր, նուիրեալ այս ուսուցիչը:
Որոշակիօրէն թէեւ յամառ ու ծայրայեղ էր իր դատումներուն եւ կեցուածքներուն մէջ, սակայն հեզ ու խոնարհ՝ խթանած էր իր աշակերտներն ու ընկերական շրջապատը եւ միշտ մղած՝ դէպի հաւատաւոր եւ կենսունակութեամբ լեցուն աշխատանքի:
Ինծի համար անսպառ ուժի եւ կորովի մարմնացում ու անկրկնելի երեւոյթ մը եղաւ Փանոսեան, հայոց լեզուի եւ պատմութեան հմուտ կրթական այս մշակը, հաւատքի ու հաւատարմութեան ուսուցիչը, հայ երաժշտութեան հանդէպ ամբողջական պաշտամունքի հասնող իր սէրով ու նուիրումով:
Արդ, այս քանի մը տողերուն մէջ խտացած մտածումներս՝ իբրեւ ծաղկեփունջ կը բերեմ իր հողակոյտին՝ յիշելով իր ժպիտը, իր վճռական կեցուածքը եւ հոգեկան մեծութիւնը:
Հիմա նաեւ կը յիշեմ դարերէն մեզի փոխանցուած սա գեղեցիկ տողը.
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»: