ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, որ իր կողմէ կատարուած գնումներու գործընթացին վերաբերեալ քաղաքապետին զեկուցուած է, որ ցարդ իրականացուած մրցոյթներուն շնորհիւ տնտեսուած է առաւել քան 1 միլիառ 255 միլիոն դրամ: Կը նշուի, թէ Հայկ Մարութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է շինարարական աշխատանքներու մրցոյթներուն: