ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Հետք» լրատուական գործակալութիւնը ուսումնասիրած է Հայաստանի ընդհանուր եւ յատուկ խնամքի հաստատութիւններու պայմանները, ինչպէս նաեւ վերջին 5 տարիներուն այդ հաստատութիւններուն մէջ կատարուած չարաշահումները, քրէական գործերը եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու արձանագրած խախտումները:
2014էն 2018, Քննչական կոմիտէին կողմէ ծերանոցներու մէջ կատարուած չարաշահումներու փաստերով քննուած են 6 քրէական գործեր, որոնցմէ հինգը փակուած են, իսկ «Վարդենիսի նեարդահոգեբանական տուն-ինտերնատ»ի քրէական գործը տակաւին քննութեան փուլին մէջ է:
«Ուսումնասիրութիւնից պարզուել է, որ տուն-ինտերնատներից (ծերանոցներէն-Խմբ.) մի քանիսում մարդկանց սնունդ աւելի քիչ է յատկացուել, քան գնուել է: Աւելին, սննդի մատակարարման մրցոյթները եղել են ձեւական, պարէնային եւ տնտեսական ապրանքները չեն յատկացուել, այլ հանուել են վաճառքի, իսկ գումարները՝ իւրացուել», կը գրէ «Հետք»ը:
Պետական պիւտճէի միջոցներով Հայաստանի մէջ կը գործեն 5 ընդհանուր եւ յատուկ խնամքի կեդրոններ՝ ծերանոց՝ «Երեւանի թիւ 1», «Նորքի տուն-ինտերնատ», «Վարդենիսի տուն-ինտերնատ», «Գիւմրու տուն-ինտերնատ» եւ «Ձորակ» հոգեկան առողջութեան հարցեր ունեցող անձերու խնամքի կեդրոն:
Նշենք, որ Հայաստանի ծերանոցներուն մէջ կ՛ապրին 1210 տարեցներ: