Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը մեծ արձագանգ գտաւ նաեւ թրքական մամուլին եւ ընկերային ցանցերու թուրք օգտատէրերու շրջանակին մէջ:
Թրքական հեղինակաւոր «Ենի Աքիթ» օրաթերթը Նոթր Տամի հրդեհին վերաբերեալ իր նիւթը կը սկսի այսպէս. «Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզին մէջ գտնուող Նոթր Տամ տաճարին մէջ հրդեհ բռնկած է»:
Օրաթերթը կ՛ակնարկէ այն փաստին, որ վերջերս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 24 Ապրիլը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր: «Ենի Աքիթ» օրաթերթին, որ կը նկատուի Թուրքիոյ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներէն մէկը եւ ունի ծայրայեղ իսլամամէտ ուղղուածութիւն, յղում կատարեցին բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:
Ընկերային ցանցերու թուրք օգտատէրերէն շատերը եւս բաւական ծայրայեղ կերպով արձագանգեցին տաճարի հրդեհին: Ոմանք գրեցին, թէ անիկա պատիժ է Եւրոպային՝ Նոր Զելանտայի ահաբեկչութեան եւ իսլամներու այլ սպանութիւններուն համարժէք պատասխան չտալնուն համար, ոմանք ալ յիշատակեցին, որ անիկա Ալլահի պատիժն է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դիրքորոշման, ֆրանսացիներուն կոչ ուղղելով՝ օգնութեան համար դիմելու իրենց բարեկամ հայերուն: