Հայոց Ցեղասպանութեան ապրիլեան ոգեկոչման միացեալ մարմինէն ստացած ենք ոգեկոչական ձեռնարկներու ժամանակացոյցը մանրամասնող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019ին, առաւօտեան ժամը 9ին, համագաղութային ոգեկոչում՝ ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ժամը 10ին կրօնական արարողութիւն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններուն կողմէ Ցեղասպանութեան նուիրուած արուեստի գործերը նաեւ պիտի ցուցադրուին Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ. հասցէ՝ 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640:
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, կլոր սեղան. «Պահանջատիրութիւն, Հատուցում եւ Արդարութիւն» խորագիրով, մասնակցութեամբ Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ Վարուժան Ոսկանեանի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) դասախօս Ֆրենք Ծերունեանի, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, 1510 E. Mountain Street, Glendale CA. մուտքը՝ ազատ»։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
18 Ապրիլ 2019