ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Այս շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան երկկուսակցական ժողովրդավարական գործընկերութեան խմբակի պատուիրակութեան՝ Հայաստան աշխատանքային այցելութիւնը առիթ կու տայ ամերիկացի օրէնսդիրներուն ուղղակիօրէն համագործակցելու Հայաստանի խորհրդարանի իրենց գործընկերներուն հետ եւ արձանագրելու Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հիասքանչ յառաջխաղացքը՝ սկսելով միջազգային մակարդակով ճանչցուած իշխանութեան սահմանադրական փոխանցումէն, անցնելով ամէնուր հաւանութեան արժանացած ազատ ու արդար ընտրութիւններէն հասնելով մինչեւ ժողովրդավարութեան մարզին մէջ յատկանշական զարգացումներու եւ կառավարման ոլորտին մէջ յառաջընթացներու», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Ան աւելցուց, թէ Ներկայացուցիչներու տան նշեալ պատուիրակութեան եւ Հայաստանի խորհրդարանականներուն միջեւ յարաբերութեանց սերտացումով յառաջ պիտի մղուին Հայ Դատի յանձնախումին կողմէ առանցքային նկատուող հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի գործընկերութեան օրէնսդրական բաղադրիչի հզօրացում, շինիչ կերպով հաւասարակշռելով գործադիր իշխանութեան ազդեցութիւնը.
– Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ընդարձակման ջանքերուն մէջ ամերիկահայութեան դերակատարութեան ընդլայնում.
– Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական յարաբերութիւններու կայուն, ռազմավարական բարելաւման ուղղութեամբ յառաջխաղացք:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք՝ 17էն 19 Ապրիլ, Հայաստան կ՛այցելէ ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ կան Տէյվիտ Փրայս, Վըրն Պիւքենըն, Տինա Թայթըս, Մայքըլ Քանըուէյ, Կերի Քանըլին, Էտրիըն Սմիթ, Պարպարա Լի եւ Թերի Սիուըլ:
Պատուիրակութիւնը 17 Ապրիլին, Էջմիածինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ։ Քոնկրեսի պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ Գայիանէ Աբրահամեան ու Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսի:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ողջունելով քոնկրեսականներուն Հայաստան այցելութիւնը՝ կաթողիկոսը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող տարբեր ոլորտներու մէջ զօրակցութեան:
Վեհափառ հայրապետը կարեւոր համարեց Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ Ամերիկայի կողմէ գործադրուող ջանքերը։
Զրոյցին ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն ու անոնց յաղթահարման ուղիներուն մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ հայ ժողովուրդի կեանքին եւ հասարակութեան մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ամրապնդման գործին մէջ: