2 Ապրիլին լրացաւ Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքի ղեկավար, Արցախեան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրատեանի դաւադիր սպանութեան 6րդ տարելիցը: Այդ օրը, Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան առջեւ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կազմակերպեց բողոքի ցոյց մը՝ պահանջելով վերսկսել Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան քրէական գործին վարոյթը: ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հետ՝ պահանջելով գործի բազմակողմանի, ամբողջական եւ արդար քննութիւն:
«Հանդիպումէն անցած է տասը օր, ի՞նչ ձեռնարկուած է դատախազութեան կողմէ» հարցումով «Երկիր»ըը դիմած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանին, որ պատասխանեց, թէ դարձեալ հանդիպած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազին հետ, որ տեղեկացուցած է, թէ դատախազութիւնը որոշում տուած է վերսկսելու քրէական գործին վարոյթը. կան գործին վերաբերող նոր տեղեկութիւններ, որոնք կը նպաստեն գործի քննութիւնը նոր թափով վերսկսելուն:
Այս մասին 17 Ապրիլին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք տեղի ունեցա՞ծ է հանդիպում ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կը պահանջեն բացայայտել Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը:
«Մեր այդ հանդիպումների ընթացքում ձեռք ենք բերել որոշակի նոր տեղեկութիւններ, որոնք քրէական գործով ստուգման անհրաժեշտութիւն ունեն, դրանով պայմանաւորուած իմ յանձնարարութեամբ ակտիւացել (աշխուժացած-Խմբ.) են ինչպէս քննչական գործողութիւնները, այնպէս էլ յատկապէս օպերատիւ (գործնական-Խմբ.) հետախուզական միջոցառումները», նշեց դատախազը:
Իշխան Սաղաթելեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը հետեւողական եւ պահանջատէր պիտի ըլլայ, որ հանրային լայն հնչեղութիւն ստացած այդ յանցագործութիւնը բացայայտուի, եւ մեղաւոր անձերը պատասխանատուութեան ենթարկուին: Պահանջը միշտ պիտի ըլլայ ՀՅԴի վերահսկողութեան տակ: