Ջաւախքցիները նոր առաջնորդական փոխանորդ ունին. Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան 5 Ապրիլին, Ախալքալաքի շրջանային վարչութեան, հոգեւորականներուն ու մտաւորականներուն ներկայացուց Մաղաքիա վրդ. Ամիրեանը, կը հաղորդէ «Երկիրմեդիա»ն:
Ան երկար տարիներ ղեկավարած է Արժանթինի մայրաքաղաքի՝ Պուէնոս Այրեսի հայկական եկեղեցին:
Մաղաքիա վրդ. Ամիրեանի ընդունելութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ: Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան նշեց, որ փոխանորդին ամբողջական ինքնակառավարման իրաւունք տրուած է, եւ անոր հետ մեծ յոյսեր կը կապեն, որ լաւ եւ առաքինի ծառայութիւն պիտի մատուցէ տեղացիներուն:
Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այդ ծառայութիւնը ստանձնելը: