ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ կայք հաստատած հայեցի կրթութեան փարոս Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը արժանավայել կերպով յիշատակեց հայրենասիրական շունչով տոգորուած ու անխոնջ աշխատանքով պայծառացած իր Քառասուն եւ ինն տարիներու դրոշմած «Վերելք առյաւէտ» նշանաբանով պանծալի երեկոն:
Ուրբաթ, 15 Մարտ 2019 ի երեկոյեան, Կլենտէյլ քաղաքի Glen Arden Club-ի՝ իւրայատուկ ոճով զարդարուած սրահը լեցուցած էր, «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքի, գաղութի հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցիչներու, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշկերտներու եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք նախասրահի շեմին առաջնորդուեցան «Փիլիպոս»ի աշակերտներու դաշնամուրային նուագակցութեամբ եւ անձնակազմի սրտբաց հիւրընկալութեամբ:
Ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ ընկերակցութեամբ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, վարժարանիս կրթա-տնտեսական մարմինի, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, ՀՕՄԻ «Մայր» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակոյտի անդամ Անթընի Փորթանթինօ:
Վարժարանիս տնօրէնութեան եւ անձնակազմին կողմէ կազմակերպուած սոյն երեկոյին բարի գալուստի եւ բացման խօսքը փոխանցեց վարժարանիս 2018-2019 տարեշրջանի գործադիր տնօրէնուհի Մարալ Մատէնլեան-Դաւիթեան. ան անդրադարձաւ վարժարանիս հետապնդած ուսումնակրթական բարձր մակարդակին եւ յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան հիմնաքարի առաջնահերթ կռուանին, որով մինչ օրս, հաստատուն կը մնայ «Փիլիպոս»ի երկարակեաց դերը մեր գաղութին մէջ, ապա լուսարձակի տակ առաւ երեկոյի երեք յոբելեար կազմակերպութիւններու դերը՝ յանձինս ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, ՀՕՄի «Մայր» եւ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերուն, վարժարանիս հանդէպ ունեցած բարոյական գուրգուրանքին եւ նիւթաբարոյական ներդրումին:
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի սեղաններու օրհնութեան աղօթքէն ետք, բեմ բարձրացան, վարժարանիս երկրորդական կարգէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք յաջորդաբար իրենց բաժիններով, արժանի գովքը հիւսեցին երեկոյի երեք յոբելեար կազմակերպութիւններուն։
Խօսքերը հնչեցին հարազատ եւ արդար մեծարանքով, զորս հարկ էր մեզ յաջորդող մատղաշ սերունդին միտքերուն կորիզը դարձնել, մեր ժողովուրդի աւանդական կազմակերպութիւններուն անգնահատելի դերը՝ հայ դպրոցի պահպանման եւ ծաղկման գործընթացին ծառայութեան ծիրին մէջ։ Մեր կազմակերպութիւնները՝ «Ապրի՛ն երկար, փայլի՛ն պայծառ, մնա՛ն դալար, ըլլա՛ն անսպառ», շեշտեցին անոնք:
Վարժարանիս զոյգ տնօրէններուն՝ դոկտ. Դուրեանի եւ Մարալ Դաւիթեանի ձեռամբ փոխանցուեցան պարգեւատրման յուշանուէրները պատուոյ արժանի երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Խօսք առաւ վարժարանիս գլխաւոր տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեան, որ յետադարձ ակնարկով մը ընդգծեց վարժարանիս բարոյական, կրթական եւ հայեցի դաստիարակութեան հնոցի ծալքերն ու յառաջխաղացքը, որ իրականացած էր շնորհիւ անձնուրաց եւ նուիրուած անձնակազմին ու վարժարանիս ազնիւ բարերարներուն ջանքերով. այսօր նոր ուխտերով պիտի շարունակենք սլանալ ու ճախրել այս տարեշրջանին «ՄԷԿ» խորհրդանշանին տակ «Յարատեւ վերելք» նշանաբանով:
Խօսք առաւ քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակոյտի անդամ Անթընի Փորթանթինօ, որ դրուատեց վարժարանիս իւրայատուկ ներկայութիւնը եւ դերը Փոքրիկ Հայաստանի շրջանին մէջ, ապա վկայագիրով մը գնահատեց վարժարանիս 49ամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխանցուեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գնահատագիրը այս առթիւ:
Այնուհետեւ օրհնութեան եւ սիրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ դրուատելով նուիրեալ տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, շեշտելով նաեւ «Փիլիպոս»ի եզակի վերելքը եւ յաջողութիւնները մեր երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթական բարձր նուաճումներու շարքին մէջ: Սրբազանը իր օրհնութեամբ նոր յաջողութիւններ մաղթեց վարժարանիս:
Ներկաներուն խանդավառութիւնը եւ հպարտութիւնը մեծ եղաւ, երբ դիտեցին ու հետեւեցան «Փիլիպոս»ի ուսումնական-կրթական եւ գիտական ստեղծագործութեամբ պատրաստուած դպրոցական առօրեան ներկայացնող տեսերիզը… Վերջապէս բարի երթ եւ յարատեւ վերելք քեզ մեր սիրելի «Փիլիպոս»:
Երեկոյի գործնական մէկ այլ ազնիւ նպատակը ներկաներուն փոխանցուեցաւ խումբ մը աշակերտներու միջոցաւ, որոնք խօսեցան կարեւորութեան մասին դպրոցիս դասարանները նոր գրասեղաններով օժտելու, զոր կարելի է իրականացնել ազնիւ եւ բարեհաճ գիտակցութեամբ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով:
Երեկոն ընթացաւ հայկական երաժշտութեամբ լեցուն խրախճանքի բարձր տրամադրութեամբ:
«Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքը նուիրական ոգիով տրամադրուած է գալիք տարեշրջանին՝ իր Յիսնամեակի պանծալի յիշատակութեան:
«Առյաւէտ վերելք» մեր սիրելի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան:
Փա՛ռք ու Պատի՛ւ ազգի խոնարհ ծառաներուն: