ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 4 Ապրիլին, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն։
Այցելութիւնը կը նպատակադրէր անոնց Ուաշինկթըն այցելութեան նախօրեակին ստանալ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը եւ լսել անոր պատգամը։
Աշակերտները դիմաւորուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանի կողմէ, ապա առաջնորդուեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռը, ուր առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ՝ տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը՝ Տէրունական աղօթքի եւ Արեւագալի շարականի երգեցողութեամբ։
Ապա, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ բացման խօսքով, ասմունքներով, խմբերգներով, դաշնակի վրայ երաժշտական նուագով ու պարային ներկայացումով։
Յայտագիրի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց աշակերտներուն այցելութիւնը եւ ներկայացուցած ճոխ յայտագիրը, հաղորդական երկխօսութեամբ մը նշելով, թէ այս այցելութիւնները ոչ միայն հոգեկան ցնծութեան պահեր կ՛առթեն իր խճողուած ժամանակացոյցին մէջ, աւելին՝ ի տես ապագայ սերունդի պատրաստուածութիւնը, մեր մատղաշ սերունդին ներկայացուցիչները կ՛ամրապնդեն իր յոյսը՝ անոնց մէջ տեսնելով խոստմնապահ ժառանգորդները մեր մշակոյթին, լեզուին ու աւանդութեանց։
«Ապրի՛ք աշակերտներ. մնացէք խոստմնապահ եւ ձեր դաստիարակներու, ծնողներու օրինակին հետեւելով, դուք պիտի ըլլաք մեր ազգին վաղուան նուիրեալ ծառայողները, ուսուցիչները, հոգեւոր հայրերն ու առաջնորդները», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը, նաեւ մաղթեց, որ անոնք առիթ կ՛ունենան Ուաշինկթըն եւ երեք այլ քաղաքներ իրենց շրջապտոյտին ընթացքին այցելելու նաեւ տեղւոյն հայկական եկեղեցիները, Հայ Դատի ու մամլոյ գրասենեակները։
«Կիլիկիա» եւ «Մեր Հայրենիք» խմբերգներէն ետք, աշակերտները յիշատակի խմբանկար մը լուսանկարուեցան առաջնորդ սրբազան հօր հետ, ապա իւրաքանչիւրին իբրեւ նուէր տրուեցաւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայ Գիրքը Շեմ Ոսկի» գիրքը։