ՔԻԿԱԼԻ, «Ռոյթըրզ».- 7 Ապրիլին, Ռուանտայի մէջ ընթացք առին երկրին բնակչութեան շուրջ մէկ տասներորդին կեանքերը խլած Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները: Երկիրը 100 օր սուգ պիտի պահէ 1994ին տեղի ունեցած մօտաւորապէս 800,000 ռուանտացիներու ջարդին առիթով։
Հարիւրօրեայ սուգին ընթացքին արգիլուած են խնճոյքները եւ բարձրաձայն երաժշտութիւնը։
Նախագահ Փօլ Քակամէ, որ ցեղասպանութեան վերջ տուած ըմբոստներու ուժերու հրամանատարն էր, մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ կառուցուած յուշակոթողին առջեւ վառեց զոհերու յիշատակման կրակը, ապա Քիկալիի խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ խօսք մը արտասանեց: Ան յայտնեց, որ ցեղասպանութենէն վերապրածներուն տոկունութիւնը եւ քաջութիւնը լաւագոյնս կը մարմնաւորեն ռուանտացիներու նկարագիրը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կազմեց մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ հետաքննելու համար ցեղասպանութեան մէջ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը: Ֆրանսա սերտ դաշնակիցն էր հութու ցեղախումբի ղեկավարած կառավարութեան, որուն իշխանութեան օրերուն տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւնը. զոհերուն մեծամասնութիւնը երկրին մէջ փոքրամասնութիւն եղող թուցի ցեղախումբէն էին: Ֆրանսա կ՛ամբաստանուի ցեղասպանութեան նախանշանները անտեսելու եւ զայն գործադրած զինեալներ մարզելու յանցանքներով: