ԵՐԵՒԱՆ.- «Սպայկա» ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Ղազարեան Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին կալանքի տակ առնուեցաւ : Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ) 5 Ապրիլին յայտարարեց, որ իր աշխատակիցները բացայայտեցին «Սպայկայի կողմէ «առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերը չվճարելու դէպք»:
Դաւիթ Ղազարեան մեղադրուած է մեծ չափի հարկ եւ տուրք վճարելէ խուսափելու յանցանքով: Ըստ ՊԵԿի հաղորդագրութեան՝ «Սպայկա» ընկերութիւնը պետական պիւտճէին չէ վճարած «ընկերութեան կողմէ իրականացուած ձեռնարկատիրական գործունէութեան արդիւնքում առաջացած 7,036,666,312 ՀՀ դրամ մաքսատուրք եւ հարկ»:
Ղազարեանի բանտարկութեան դէմ ընկերութեան աշխատակիցներուն կողմէ նոյն օրը տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին դիմաց: Ցուցարարները պահանջեցին հանդիպում ունենալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: