ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Հայաստանի մէջ ամէն տարի քաղցկեղի ախտորոշում կը ստանան շուրջ 9000 անձեր, որոնցմէ շուրջ հարիւրը երեխաներ են: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան Ուաշինկթընի Մետունի եւ City of Smile կազմակերպութիւններու ձեռնարկին ընթացքին:
Ելոյթ ունենալով քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու օգնութեան նուիրուած ձեռնարկին՝ տիկին Յակոբեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնն է կանգնիլ քաղցկեղով հիւանդ հայրենակիցի կողքին: Քաղցկեղը զուտ հիւանդութիւն է եւ ոչ ճակատագիր, որուն դէմ անհրաժեշտ է պայքարիլ, նշեց Աննա Յակոբեան:
Մետունի կազմակերպութեան նախագահ Վահագն Մարտիրոսեան, իր կարգին յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ նման մեկնարկ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ընդլայնելու այս ոլորտի նախաձեռնութիւնները եւ ծրագիրները:
«Միջոցառումը կազմակերպուել է մեր եւ City of Smile-ի համագործակցութեամբ, որը սկիզբ է շատ աւելի մեծ նպատակների ու ծրագրերի, որոնք նախատեսում ենք ապագայում», նշեց Մարտիրոսեան:
City of Smile հիմնարկի գործադիր տնօրէն Էսթեր Տէմիրճեան ընդգծեց մարդասիրական հիմնադրամներու եւ կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը այս հիւանդութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Իհարկէ հիմնական մարտահրաւէրներն են դեղորայքն ու բուժումը, սակայն բացի դրանից մենք յոյս ունենք բարձրացնել ընդհանուր բուժման ծառայութիւնների որակն ու մակարդակը», ըսաւ գործադիր տնօրէնը:
Հայաստանի մէջ ուռուցքաբանութեան ոլորտի հիմնահարցերուն անդրադարձաւ նաեւ մանկական ուռուցքաբան Գէորգ Թաումեան:
«Այսօր ուռուցքաբանութեան ոլորտում խնդիրներ ունենք սկսած իրազեկումից մինչեւ խնամք: Այսինք բոլոր շրջանակներում մենք ունենք խնդիրներ, ներառեալ կանխարգելման, ախտորոշման, բուժման եւ խնամքի», նշեց տոքթ. Թաումեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին ամերիկահայ եւ ամերիկեան կազմակերպութիւններու եւ անհատներու լայն շրջանակներ: Բարձրաստիճան հիւրերու շարքին էր Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան փոխնախարար Ռատ Ռոզընշթայն, զոր դահլիճը ողջունեց ծափահարութիւններով: Ռոզընշթայն ամուսնացած է հայուհի Լիսա Պարսումեանի հետ:
Երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցողները անդրադարձան ձեռնարկին մարդասիրական եւ կարեւոր առաքելութիւնը:
Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեան ընդգծեց միջոցառման կարեւորութիւնը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն եւ մասնակցողներուն:
Միջոցառումը եզրափակուեցաւ դրամահաւաքով: Հաւաքուած ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու բուժման:
Իր կարգին, ZH Healthcare ընկերութեան հիմնադիր Շամիմ Համիտ պատրաստականութիւն յայտնեց իր ընկերութեան միջոցով շուրջ 100 հազար տոլարի օգնութիւն տրամադրել հիւանդ երեխաներուն: