ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Մոսկուայի մէջ, 5 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Report» լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային այլ հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Մամետեարով Մոսկուա կ՛այցելէ մասնակցելու ԱՊՀի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: