ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ 2008 Մարտ 1-2 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն աջակցութիւն տրամադրելու մասին օրէնքի նախագիծին, որուն հեղինակներն են ԱԺ փոխնախագահներ Ալեն Սիմոնեան եւ Լենա Նազարեան: Նախագիծը ստացաւ յանձնաժողովի դրական եզրակացութիւնը եւ ընդգրկուեցաւ ԱԺ լիագումար նիստերու օրակարգին մէջ:
Նախագիծը յանձնաժողովի անդամներու քննարկման ներկայացուց ԱԺ փոխնախագահ Լենա Նազարեան:
Մինչ քուէարկութիւնը՝ ելոյթ ունեցաւ Յարակից զեկուցող Սիսակ Գաբրիէլեան: Ան մանրամասնեց, որ օրէնքով կը կարգաւորուին 2008 Փետրուար 19ին նախագահի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ բողոքի ցոյցերը ցրելու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք 2008 Մարտ 1-2 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն տուժածներուն աջակցութեան տրամադրման հետ կապուած յարաբերութիւնները: