Թուրքիոյ մէջ, ոստիկանները յայտնաբերած են Կոմմագենէի հայ արքայ Անտիոքոսի մարմարէ արձանը՝ գրութեամբ մը, հաղորդած է թրքական Sabah-ը:
Ոստիկանները Պալըքեսիր նահանգին մէջ կանգնեցուցած են դէպի Չանաքքալէ գացող մարդատար մեքենայ մը եւ խուզարկութեան ժամանակ յայտնաբերած են Կոմմագենէի հայոց արքայ Անտիոքոսի մարմարէ արձանը՝ «Կոմմագենէի թագաւորութեան արքայ Անտիոքոսի վերջին հանգրուանը» գրութեամբ:
Մասնագէտները այս արձանը գնահատած են 250 հազար եւրօ: