ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիա կը փորձէ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի մեղմացնէ այն լարուածութիւնը, որ յառաջացած է ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ՝ ռուսական «Էս. 400» հակահրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումին պատճառով: Ինչպէս յայտնի է, Ուաշինկթըն դէմ է, որ Թուրքիա ստանայ այդ համակարգերը եւ քանի մը առիթներով զգուշացուցած է, որ անիկա կրնայ Անգարայի համար ծանր հետեւանքներ ունենալ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու ներկայ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ խնդիրները կարգաւորելու համար՝ առաջարկեց ստեղծել աշխատանքային խումբ մը: Սակայն, Փենթակոնի խօսնակը յայտարարեց. «Այս հանգրուանին, աշխատանքային խումբ ստեղծելու կարիքը չկայ, որովհետեւ այդ միջոցաւ կարելի պիտի չըլլայ հարցերը կարգաւորել»:
Ամերիկա այս շաբաթ արդէն կասեցուց Թուրքիոյ մատակարարուելիք նոր սերունդի «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու մասերուն փոխանցումը:
Հայ ժողովուրդը –Հայաստանի իշխանութիւն եւ Սփիւռքներ միասնաբար– պէտք է այս ոսկի առիթը օգտագործէ եւ քաջալերէ նախագահ Թրամփը՝ որ յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին, 1915-ի «դէպքերը» կոչէ «ցեղասպանութիւն»: