ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուա լրջագոյն մարտահրաւէր կը նկատէ Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի քայլերը:
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, ատրպէյճանական «Օ.Էն.Էյ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Այսօր, հոս, ամբողջութեամբ կը դրսեւորուի ԱՊՀի տարածքը իրենց ուզած ձեւով դասաւորելու արտաշրջանային յայտնի ուժերու բացայայտ նկրտումը: Ռուսիոյ համար լրջագոյն ռազմաքաղաքական մարտահրաւէր կը նկատենք Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ուղղուած Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի գործողութիւնները», յայտարարեց Զախարովա։
«Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանումը, տարածաշրջանի բարգաւաճման ապահովումը, Ռուսիոյ նկատմամբ տեղւոյն երկիրներու բարեկամական վերաբերմունքին զուգահեռ, պիտի շարունակեն մնալ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն նպատակներէն», աւելցուց ան: