ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 4 Ապրիլին, Մոսկուա այցելող Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Ռուսական բանակի զինուորները, սուրիացիներուն հետ համակարգումով, Սուրիոյ մէջ յայտնաբերեցին իսրայէլացի զինուոր Զախարի Պաումիլի դիակը»՝ աւելցնելով, որ իսրայէլացի զինուորին աճիւնները Նեթանիահուի ընկերակցութեամբ նոյն օրն իսկ պիտի փոխադրուին Իսրայէլ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխա Ատրահի աւելի ուշ յայտարարեց, թէ իր երկիրը վերատիրացած է 1982ին, իսրայէլեան բանակի Լիբանան ներխուժման ընթացքին սուրիական բանակին հետ բախումի մը ընթացքին սպաննուած Պաումիլի դիակը՝ նշելով, որ իսրայէլացի այլ զինուորներու դիակները, որոնք Պեքաայի դաշտին մէջ մասնակցած են «Սուլթան Եաաքուպ» ճակատամարտին, ցարդ անյայտ կը մնան:
«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն՝ իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են, թէ ռուսական բանակը կը շարունակէ իսրայէլացի միւս երկու զինուորներուն դիակներուն որոնումը: