ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Մետի-Տէր» միութիւնը իր հիմնադրութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց Մարտինի մէջ: Միութիւնը հիմնուած է խումբ մը գրողներու եւ մտաւորականներու ջանքերով եւ նպատակ ունի ուսումնասիրելու Մարտինի եւ շրջակայքի պատմական լեզուները:
Նախապէս նման նպատակով Տիգրանակերտի մէջ հիմնուած էր «Քուրտի-Տէր» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ աւելի ուշ փակուեցաւ:
«Մետի-Տէր» միութիւնը, տարածաշրջանի այլ լեզուներու կարգին, յատուկ ուշադրութիւն պիտի սեւերէ նաեւ հայերէնին վրայ, որովհետեւ այդ լեզուն այդ հողերուն վրայ ունի մեծ աւանդ եւ նշանակութիւն, հակառակ անոր, որ այլեւս գործածական չէ հոն:
«Չէինք կրնար անտեսել հայերէնի խիստ կարեւոր նշանակութիւնը. հետեւաբար միութիւնը յատուկ ուշադրութիւն պիտի սեւերէ հայերէնը ծանօթացնող ուսումնասիրութիւններուն նկատմամբ», կ՛ըսէ միութեան հիմնադիր անդամներէն Էյուպ Կիւվեն։