– 5 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ մէկ օր առաջ մարդկային իրաւանց պաշտպան 8 սէուտցի գրողներ եւ լրագրողներ ձերբակալուած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ, նեռարեալ երկու հոգի, որոնք նաեւ ամերիկեան հպատակութիւն ունին։ Անոնք ձերբակալուած են, պարզապէս որովհետեւ դէմ արտայայտուած էին կանանց իրաւանց պաշտպան 11 կիներ դատելու Ռիատի որոշումին։
– 4 Ապրիլին, Ներկայացուցիչներու տունը, հետեւելով Ծերակոյտի օրինակին՝ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ կասեցնել Սէուտական Արաբիոյ տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները, այդ երկրին կողմէ Եմէնի դէմ գործողութիւններուն ընթացքին։
– ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի տարածքին ներկայիս 113 միլիոն քաղաքացիներ կը դիմագրաւեն սովամահութեան վտանգը։ Սնունդի տագնապ դիմագրաւող 53 երկիրներու մէջ ամենածանր վիճակի մէջ գտնուողներու շարքին են՝ Եմէնը, Քոնկօն, Աֆղանիստանը եւ Սուրիան։
– Վենեզուելայի իշխանութիւնները քրէական հետապնդումի սկսած են ընդդիմութեան ղեկավար, երկիրի ինքնահռչակ նախագահ Խուան Կուայտոյի դէմ՝ «դաւաճանութեան» յանցանքով: Նշենք, որ 3 Ապրիլին երկրին Սահմանադիր ժողովը, որ կ՛աջակցի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին, Կուայտօն զրկած էր երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն։
– Եթէ Սուրիոյ կառավարութիւնը քիւրտերուն ինքնավարութիւն շնորհէ, քիւրտերու գլխաւորած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կրնան մաս կազմել կառավարական բանակին, յայտարարեց Մոսկուայի մօտ Սուրիոյ քրտական ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Ռեշատ Պենաւ:
– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Արէազայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, թէ Անգարա կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մարուտոյին, որ թիրախ է ամերիկեան պատժամիջոցներու։