ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Դժգոհութեան ալիքը կը ծաւալի Թուրքիոյ փոքրամասնական համայնքներու հիմնարկութեանց (վագըֆ) ընդհանուր տնօրէնութեան վերջին շրջաբերականին շուրջ: Ինչպէս ծանօթ է, ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերջերս շրջաբերական մը հրատարակելով ընտրութեան իրաւունքէն զրկուած փոքրամասնութեանց հիմնարկութեանց առաջարկած էր նշանակման դրութեամբ ամբողջացնել իրենց կազմերը, «եթէ մահուան կամ հրաժարման պատճառներով անձնակազմերը նուազած են»:
Տնօրէնութեան այս առաջարկը որքան ալ նոր առիթ մը ըլլալով գնահատուի համայնքային կարգ մը հաստատութիւններու վարիչներուն կողմէ, իրականութեան մէջ բոլորովին կը հակասէ անոնց ընտրութեամբ պաշտօնի կոչուելու սկզբունքին:
Արդարեւ, բացի Պոլսոյ հայ հաստատութիւններէն, քաղաքն յունական հիմնարկներն ալ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտած են այս պարտադրանքին հանդէպ: Պոլսոյ յունական համայնքը, որ մեծագոյնն է միւս փոքրամասնութեանց համայնքներուն մէջ իր ունեցած հիմնարկներու թիւի քանակով, խորհրդակցական ժողովի մը ընթացքին քննարկեց նիւթը եւ որոշեց պատշաճ պատասխանով մը այս մասին դժգոհութիւնը յայտնել վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան:
Միւս կողմէ, իրաւաբան Սեդրակ Տաւութհան, ի պատասխան «Ակօս»ի հարցումներուն, ընդգծեց, թէ կարելի չէ համակերպիլ այս առաջարկին եւ յայտնեց. «Այս կարգադրութեան ժամանակաւոր ըլլալը չի կանխեր անոր ապօրինութիւնը: Վագըֆներու օրէնքի մէջ նշուած է, թէ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները կը ճշդուին ընտրութեան եղանակով եւ ընդհանուր տնօրէնութեան վերջին շրջաբերականը կը հակասէ այդ սկզբունքին»: Տաւութեան միաժամանակ յիշեցուց, որ շրջաբերականները չեն կրնար օրէնքներէն գերակշիռ ըլլալ։
Յիշեցնենք, որ ընդհանուր տնօրէնութեան որոշումին դէմ խստօրէն արտայայտուած էր նաեւ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան։