ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը գրէ, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Պոլսոյ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ սպաննուած այլախոհ լրագրող Ճեմալ Խաշոկճիի 4 զաւակները միլիոնաւոր տոլարներու հասնող գումար ստացած են, որպէսզի «զուսպ ըլլան» իրենց հօր սպանութեան վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւններուն ընթացքին։ Կը հաղորդուի, որ զաւակներէն իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս 10,000 տոլարի ամսական վճարումներ ստանալու կողքին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ մէկ միլիոն տոլար արժող տուներ ստացած են։
Նաեւ կը նշուի, որ Սալման թագաւոր վճարումներուն հաւանութիւն տուած է 2018ի վերջաւորութեան, ընդունելով, որ «կատարուածը մեծ անարդարութիւն մըն էր»։