ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Օր».- Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ, Իրանահայ, Իրաքահայ ընտանեկան միութիւններուն եւ «Վարդանանց Ասպետներ»ուն, Շաբաթ, 23 Մարտի երեկոյեան, Իրանահայ միութեան մշակութային կեդրոնին մէջ, Կլենտէյլ, տեղի ունեցաւ թուրք-գերմանացի փրոֆ. Թաներ Աքչամի շահեկան ելոյթը: Ան ներկայացուց իր նոր հատորը՝ նուիրուած Արամ Անտոնեանին եւ Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանին: Առաջինը հանրայայտ է իր «Մեծ Ոճիրը» հատորով, իսկ երկրորդը Ցեղասպանութեան վերապրող մըն է, մահը ողջ-ողջ ապրած հայորդի մը, որ կատարած է հսկայական կարեւոր աշխատանք ցեղասպանագիտութեան համար: Ան, փոքր երեխայ, վերապրող՝ տեղահանութեան տարիներուն հասնելով մինչեւ Պէյրութ, Զմմառի մէջ կ՛ուսանի, կ՛անցնի Եւրոպա, կը դառնայ կաթողիկէ վարդապետ եւ կը նուիրուի հոգեւոր ծառայութեան:
Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը եւ Աքչամի կողմէ ուսումնասիրուած իրական փաստերը կու գան երեւան հանելու Թալէաթի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ այլոց գաղտնի նամակները, որոնց բացայայտումը լրջագոյն փաստեր են Ցեղասպանութեան գծով կատարուած աշխատանքներուն մէջ: Թուրքիա կ՛ոչնչացնէ փաստերը եւ յետոյ կը բարձրաձայնէ, թէ փաստեր չկան, բնագիր նամակներ չկան, շինծու են բոլորը՝ հայերուն կողմէ: Աքչամ հակառակը կ՛ապացուցէ շնորհիւ Կէրկէրեան վարդապետի արխիւներուն, որոնց հրատարակութիւնը նոր «ապտակ» մըն է արդարութենէն փախչող թուրք պետութեան:
Կէրկէրեան վարդապետ հսկայական աշխատանք կատարած է՝ հաւաքելով արխիւներ, որոնց մէկ մասը պատճէնահանած է, պահպանած է, իսկ անոնցմէ ոմանց բնագիրները դժբախտաբար այսօր կորսուած են «Նուպարեան» գրադարանէն: Շատ հետաքրքրական էր փրոֆ. Աքչամի դասախօսութիւնը, որուն ներկայ եղող հարիւրեակ մը ներկաները մեծ բաւարարութիւն ստացան:
Հանդիսավարն էր՝ Պոլսահայ միութեան ատենապետ, իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ նախ հանդէս եկաւ պատշաճ բացման խօսքով եւ ներկայացուց հիւր դասախօսը: Դասախօսութիւնը ընթացաւ անգլերէնով եւ դասախօսը մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրէր թիւեր, փաստեր, լուսանկարներ, արխիւային նիւթեր՝ գաղտնագիր նամակներ ու անոնց բացատրութիւնները:
«Քլարք» համալսարանի կայքին վրայ մանրամասնօրէն մատչելի է Աքչամի կատարած շնորհակալ աշխատանքը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան, ապա՝ գիրքի մակագրում եւ հիւրասիրութիւն: