ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 27 Մարտի առաւօտեան, Կլենտէյլի Հայց. առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Մեծ Պահոց Արեւագալի ժամերգութենէն ետք, զարդարուած եկեղեցւոյ ներքնայարկի «Արմենակ Տէր Պօղոսեան» սրահին մէջ, Տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Միջինքի աւանդական տօնակատարութիւն: Ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ՝ Քրիստին Յովնանեան եւ Ռոզա Աւանէսեան, բարերարուհի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան եւ հաւատացեալ տիկիններու հոծ բազմութիւն մը:
Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Մերի Ջաղացպանեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ներկաներուն, ապա խօսեցաւ հայ կնոջ առաքելութեան մասին՝ իբրեւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութիւններու պահպանման ջատագով, որ կը հետեւի հայկական աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն:
Սեղաններու օրհնութեան եւ օրուան պատգամը փոխանցելու համար ատենապետուհին հրաւիրեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը: Սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար հոգեւոր ուրախութիւն մըն է մասնակցիլ Արեւագալի ժամերգութեան, Հսկումի արարողութեան եւ Կիրակի օրերը՝ Ս. պատարագին: Միջինքի մասնակիցներուն պատգամեց, որ մեծ պահեցողութեան ընթացքին գիտակցօրէն ընտրեն իրնենց կեանքի ճիշդ ուղղութիւնը, որդեգրեն բարին եւ ճշմարիտը՝ «դէպի կեանք եւ դէպի Յիսուս»: Ապա ան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրով, մայրերուն նուիրուած ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Ռոզաննա Ուլիկեան՝ ընկերակցութեամբ Գօգօ Հայիթեանի (դուդուկ):
Ցերեկոյթը խանդավառեց հանրաճանաչ սիրուած երգիչ Գօգօ Հայիթեան իր բազմալեզու երգացանկով:
Տիկնանց միութեան տիկիններու ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ, ներկաները սեղաններու շուրջ հաճելի ժամեր անցուցին եւ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Մերի Ջաղացպանեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Արտակ քահանային, հոգաբարձութեան անդամներուն, նուիրատուներուն եւ ներկաներուն՝ ձեռնարկը քաջալերելնուն համար: Ապա ան հրաւիրեց Աղաւնի Սէմիրճեանը՝ յուշանուէրով պատուելով զայն, որովհետեւ ան ամէն տարի սիրայօժար կերպով կը պատրաստէ Միջինքի «ոսպով քիւֆթա»ն:
Սրահի մուտքին սեղան մը պատրաստուած էր պահքի խորհուրդը խորհրդանշող՝ հայկական «գաթա»ով, Ծաղկազարդի մոմերով եւ Զատկուան նուիրուած զամբիւղներով:
Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
Միջինքը եւ նման ձեռնարկները առիթ մըն են հայ ժողովրդի զաւակներուն՝ մէկտեղուելու, զօրանալու եւ գիտակցելու, որ հայ մշակոյթին պահպանումը եւ քրիստոնէական հաւատալիքներուն հաւատարիմ մնալը իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է: