ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան հեղինակաւոր The Wall Street Journal օրաթերթը անդրադարձած է Եագուպեաններու ընտանիքին եւ աշխարհահռչակ գինեգործ Փօլ Հապզի համագործակցութեան շնորհիւ ստեղծուած Yacoubian-Hobbs ապրանքանիշին՝ Հայաստանի մէջ արտադրուող գինիներուն:
«Աշխարհի Հնագոյն Գինիներու Փնտռտուքներ» վերնագիրին տակ, յօդուածին հեղինակները կը նշեն վաղ ժամանակներէն գինեգործութեամբ զբաղած 6 երկիրներ, որոնց շարքին՝ Հայաստան:
Թերթը գրած է, որ գինիի արտադրութեան՝ մեզի յայտնի դեռեւս ամէնէն հին վայրը յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ, 2007ին: Խօսքը կը վերաբերի Արենիի 6100ամեայ Արենի-1 գինեգործարանին:
Այդ վայրէն քիչ անդին գինեգործ Փօլ Հապզ Վիգէն եւ Վահէ Եագուպեան եղբայրներուն հետ համատեղութեամբ քանի տարի առաջ խաղողի այգի ձեռք բերին:
Ըստ Հապզի՝ այս հեռաւոր, լեռնային վայրը իտէալական է զով կլիմայական պայմաններ պահանջող գինիի արտադրութեան համար:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ աշխարհահռչակ գինեգործը տարեկան երկու անգամ կ՛այցելէ Հայաստան: Ան՝ օգտագործելով խաղողի տեղական տեսակները, կը պատրաստէ երեք տեսակի գինիներ՝ ներառեալ «Ռքածիթելի» եւ «Արենի»:
Yacoubian-Hobbs ընկերութեան գինիները կը պատրաստուին գլխաւորաբար տեղական խաղողի տեսակներէ, իսկ խաղողի այգիները կը գտնուին Վայոց Ձոր մարզին մէջ:
«Վայոց Ձորի այս լեռնային վայրի հրաբխային ծագման ժայռոտ հողերը եւ կրաքարը, ինչպէս նաեւ երկար մշակման շրջանը եզակի պայմաններ կ՛ապահովեն նրբահամ գինիի տեսակներու արտադրութեան համար, ինչպէս օրինակ՝ հայկական խորհրդանշական «Արենի» կարմիր գինին», գրուած է ապրանքանիշի կայքին վրայ:
Նշենք, որ Վիգէն Եագուպեան Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէնն էր. ան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ է: Վահէ Եագուպեան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան: