ԵՐԵՒԱՆ.- Միջազգային Global Firepower ընկերութիւնը հրապարակած է աշխարհի երկիրներու ռազմական հզօրութեան վարկանշային աղիւսակը (2019 Military Strength Ranking), որուն վրայ ներգրաւուած են 137 երկիրներ, որոնց շարքին՝ Հայաստան:
Վարկանիշը կազմելու համար մասնագէտները հիմնուած են 55 գործօններու վրայ, որոնց միջոցով որոշած են երկիրներու ռազմական հզօրութեան ցուցիչները:
Ըստ մասնագէտներուն՝ որքան ցած է երկրին ցուցիչը, այնքան աւելի մեծ է անոր ռազմական հզօրութիւնը:
Յայտնի է, որ վարկանիշը կազմելու ընթացքին նկատի առնուած են երկիրներու զինանոցներուն բազմազանութիւնը (բացառութիւն են միայն միջուկային զէնքերը), ֆինանսական կայունութիւնը, «առաջին», «երկրորդ», «երրորդ աշխարհի» երկրներու դասին պատկանիլը, աշխարհագրական գործօնները, բնական պաշարները, տեղական արդիւնաբերութիւնը, բանակի զինուորներուն թիւը եւ ՆԱԹՕին անդամակցութիւնը:
Նկատի ունենալով վերոնշեալ գործօնները՝ Հայաստան 1.6888 միաւորով գրաւած է 96րդ հորիզոնականը:
Տարածաշրջանային պետութիւններէն Թուրքիան 0.2089 միաւորով գրաւած է 9րդ հորիզոնականը, 14րդ հորիզոնականը գրաւած է Իրանը (0.2606 միաւոր): Ատրպէյճան 0,7791 միաւորով 52րդ տեղը գրաւած է, մինչ Վրաստան՝ 1.4098 միաւորով 85րդն է: