ԵՐԵՒԱՆ.- 29 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երեւանի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատուիրակութեան հանդիպումը Համերաշխութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբումի (European Forum for Democracy and Solidarity) գիտնականներու եւ եւրոպական հիմնադրամներու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութեան հետ:
Տեղեկահաւաքի բնոյթ կրող այցելութիւնը մաս կը կազմէ Արեւելեան Եւրոպայի ժողովրդավարութեան զարգացումը ուսումնասիրող ծրագիրին, որուն կ՛աջակցի Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութիւնը (PES):
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ողջունելով հիւրերը՝ կարեւոր համարեց անոնց առաքելութիւնը դէպի տարածաշրջան եւ յատկապէս Հայաստան: Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ քաղաքական վերջին զարգացումները, հասարակութեան տրամադրութիւնները եւ նոր մարտահրաւէրները:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան յետագայ աշխատանքներուն՝ իբրեւ արտախորհրդարանական ուժ, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կուսակցութեան դերակատարութեան մասին: Սաղաթէլեան Եւորպական պատուիրակութեան տեղեկացուց նաեւ, որ Գերագոյն մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախմբերը մեծ ծաւալի աշխատանքներ կ՛իրականացնեն՝ ուշադրութեան տակ պահելով կառավարութեան գործունէութիւնը:
Նշենք, որ Համերաշխութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբումը հիմնադրուած է 1993ին Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու եւ հիմնարկներու կողմէ՝ նպատակ ունենալով զանազան երկիրներու մէջ խթանել ընկերվարական եւ ժողովրդավարական արժէքներու զարգացումը:
Յայտնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ է: