ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Դէմքը մարդոցմէ պահելու քանի մը պատճառներ ունի մարդ: Չկարծէք թէ այդ պատճառներէն առաջինը գեղեցկութեան պակասն է, այսինքն տգեղութիւնը: Ո՛չ: Եթէ այդ ըլլար պատճառը, շատե՜ր անձնասպանութեամբ վերջ տուած պիտի ըլլային իրենց կեանքին: Բայց կը տեսնենք, որ նոյնիսկ զազրելի դէմքով մարդիկ բարձր պաշտօններու կը տիրանան, բեմի վրայ աստղեր կը դառնան իրենց ունեցած մէկ այլ շնորհքին պատճառաւ կամ տարբեր պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն, մեծ յաջողութիւններու հասնելով: Ուրեմն, դէմքին տգեղութիւնը պատճառ մը չէ՛ հանրութենէն պահուելու կամ հեռանալու: Սակայն, ամէնէն զարմանալին կը մնայ այն, որ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը շատ գեղեցիկ կը տեսնէ ինքզինք, երբ հայելիին դիմաց կանգնի: Մէկուն նիւթական հնարաւորութիւնները, միւսին շրջապատին մէջ եղող մարդիկ քաջալեր կը հանդիսանան, որ իսկապէս տգեղ մարդիկ իրենք զիրենք գեղեցիկ համարեն:
Միւս կողմէ սակայն, բոլորս ալ գիտենք, որ մարդուն ամէնէն երեւելի բաժինը, որով ան պիտի ներկայանայ հանրութեան կամ աշխարհին, դէմքն է: Ներկայ բժշկագիտութիւնը որքա՜ն նուրբ նշդրակներով կը ճեղքէ ու կը կոկէ մարդու դէմքին անճոռնի կամ տգեղ մասերը, սկսեալ ամէնէն ցցուն մասէն՝ քիթէն, աւելի ներկայանալի դարձնելով դէմքը: Երգիչ-երգչուհիներու մանկութեան կամ կանուխ երիտասարդութեան լուսանկարները կը ցուցադրուին երբեմն ընկերային ցանցերու վրայ, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր անձեր կը թուին ըլլալ, ուղղակի անճանաչելի, վիրաբուժական գործողութենէն ետք ստացուած նոր տեսքին յարաբերաբար: Սոյն բարեփոխութիւններուն եւ գեղագիտական ձեւաւորումներուն հոգեբանական ազդեցութիւններուն մասին անդրադարձ կատարելը մեր այս գրութեան նիւթէն դուրս ըլլալով, կ՛անցնինք մեր բուն ըսելիքին:
«Դէմքը պահել», «դէմքը ծածկել» եւ նման այլ արտայայտչաձեւեր կը գործածուին խօսակցական եւ գրական լեզուի մէջ, բացատրելու համար անձի մը բարոյական իրավիճակը:
Աստուածաշունչ մատեանը մեր բարոյական ըմբռնումներուն եւ մարդկային կեանքը զսպանակող սկզբունքներուն աղբիւրը ընդունելով կրնանք մէջբերել, բացատրելու համար վերոյիշեալ հաստատումը:
Դրախտի երանութեան մէջ մարդուն մեղանչումին յաջորդած պատկերը, զոր կը կարդանք Սուրբ Գիրքի էջերուն մէջ, Աստուծոյ աչքէն կամ ներկայութենէն պահուըտելու մարդուն վախն է, որ բացայայտօրէն յանցանք մը գործած ըլլալուն հետեւանքով անոր զգացած երկիւղն է (Հմմտ. Ծն 3.9-10):
Ինչո՞ւ ծառերու ետին պիտի պահէր մարդը ինքզինք, եթէ յանցանք մը գործած չըլլար: Ինչո՞ւ ան վախնար Աստուծմէ, եթէ Անոր պատուիրաններէն մէկը կամ միւսը անտեսած չըլլար: Ինչո՞ւ անհնազանդութեան զգացումով մորմոքէր սիրտը անոր, եթէ հնազանդութեան ոգիին դաւաճանած չըլլար: Ինչո՞ւ ամօթխածութեան կրակը այրէր հոգին, եթէ անամօթութեան մեղքով պատռուած չըլլար անոր դէմքին սրբութիւնը: Մէկ խօսքով՝ տագնապ մը անպայման ունի իր դրդապատճառները, որոնք կը կարմրեցնեն մարդկային դէմքը ամօթի զգացումով, զայն առաջնորդելով ցաւալի խղճահարութեան ու խոնարհեցնող զղջումի:
Դէմքին զգայուն ըլլալուն պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս աչքերուն՝ անոր վրայ տեղադրուած ըլլալն է: Մարդիկ միշտ կը զգուշանան դէմքին մօտեցող վտանգէն, իսկ անակնկալ հարուածներու պարագային, երբ կը յաջողին իրենց աչքերը ազատել փորձանքէն, փառք կու տան Աստուծոյ, որ փրկեց իրենց աչքերուն լոյսը ցաւալի դիպուածէն: Միւս կողմէ, լսուած խօսք է, թէ աչքերն ալ «կը խպնին», որովհետեւ ամօթի զգացումին հետ, անոնք ալ կը խոնարհեցնեն իրենց հայեացքը, գետին կը սեւեռեն մարդուն նայուածքը, վար կ՛առնեն անոր կոպերը, առաւել շեշտելով կարմրցող այտերուն հետ զուգահեռ զգացուող պարտադիր ամօթխածութիւնը:
Մարդկային դէմքին այսքան զգայնութեան բնական ընթացքին հակառակ, կայ նաեւ անոր անզգայ կամ անամօթ տեսակը, զոր սովորաբար կը կոչենք սկրթուած դէմք: Այս բայը քերծուած բառին հոմանիշն է, զոր առհասարակ կը գործածենք մորթի քերթուելուն, մէկ տարբերութեամբ: Արկածի հետեւանքով քերծուած մորթը մարդուն կամքէն անկախաբար կը պատահի, իսկ վերոյիշեալ արտայայտութիւնը բարոյագիտական լեզուին մէջ կը գործածենք այն անամօթ մարդոց համար, որոնք կամաւորաբար իրենց դէմքի «մորթ»ը կը քերծեն, այսինքն իրենց դէմքի բարոյական վարագոյրը գիտակցաբար կը պատռեն, սկրթուած դէմքով ներկայանալով հանրութեան:
Վերոյիշեալ կերպարը զգեցած անձը այլեւս չ՛ամչնար մարդոցմէ, ո՛չ ալ կը վախնայ Աստուծմէ, որովհետեւ անգամ մը սկրթուած է անոր դէմքը: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Երեսին թքես՝ անձրեւ կու գայ կ՛ըսէ»: Այն համարձակութիւնը, զոր նման անձեր ունին, սովորական եւ գնահատելի համարձակութենէն պէտք է զանազանել: Դեռ աւելին. այն յանդգնութիւնը, զոր անոնք կը ցուցաբերեն իրենց վարքով, գովելի եւ նախաձեռնութեան ոգիի հետ համեմատելի յանդգնութենէն շատ տարբեր է: Տակաւին, այն իրաւասութիւնները, զորս անոնք իրենք իրենց անձին կը վերապահեն, օրինական եւ չափաւորութեամբ հակակշռուող իրաւասութիւններէն շատ տարբեր են, որոնք յարձակողապաշտ անկրթութեան ձեւաչափէն ալ անդին կ՛երթան:
Սկրթուած դէմքով մարդիկ ի ժամու եւ ի տարաժամու պատրաստ են իրենց եսին համար պայքար մղելու, արիւնահեղութեան իսկ գնով: Անոնց համար ժամ կամ պահ, առիթ կամ հնարաւորութիւն՝ պայմաններու կամ պարագաներու յարմարութեան խնդիր չեն, այլ նոյն պահու սեփական որոշումի հարցեր են: Մինչդեռ ամօթխածութեամբ պաշտպանուած եւ սրբութեամբ քօղարկուած դէմքով մարդիկ միշտ հաշուի կ՛առնեն տուեալ կացութեան պայմանները, երբեմն նոյնիսկ կուլ տալով անկլլելին, թոյնի սրուակի դառն բովանդակութիւնը կուլ տալու նման, պարզապէս անյարմար գտնելով իրենց ըսելիքը բացայայտ ըսելու ժամանակը:
Իրաւունքի խնդիրը, չնայած իրենց անիրաւութեան, սկրթուած դէմքով մարդիկ միշտ իրենց կը վերապահեն: Ինչ ալ ըլլան պայմանները կամ պարագաները, իրաւունքը զօրաւորին բաժինը կը համարեն անոնք, որովհետեւ փոխադարձ յարգանքի հասկացութիւնը կը վերանայ, երբ մարդկային դէմքը սկրթուած է: Միայն սրբութեան շղարշով պատուած դէմք ունեցող մարդիկ կը ճանչնան մէկզմէկու ազատութեան սահմանները, փոխադարձ յարգանքի ոգի ցուցաբերելով իրարու նկատմամբ:
Սկրթուած դէմքով անձեր նաեւ «գիտնական» կ՛ըլլան: Ընդհանուր զրոյցի մէջ պարտադիր ունկնդրութիւն կը պահանջեն, յիմարաբար խորհելով որ իրենց ըսածը միշտ ճիշդը կ՛ըլլայ: Չնայած իրենց տգիտութեան, անոնք ամէն մասնագիտութեան տիրապետած ըլլալու սին զգացողութիւնը կ՛ունենան, իրենց իմացած կամ չիմացած նիւթը յանդգնաբար մեկնաբանելով, ու մանաւանդ այդ մասին հեղինակաւոր վերջնախօսքը արտասանելով…:
Փառքի ծարաւ, ու մանաւանդ ատոր մուրացկանը դառնալու ինքնակոչ կամաւորներ են սկրթուած դէմքով անհատները: Փառքի մրցանիշը միայն սկրթուած դէմքով անձերու մօտենալով կարելի է չափագրել, առանց վերջնական չափանիշը յայտարարել կարենալու, որովհետեւ սկրթուած դէմքով մարդիկ միշտ զիրար պիտի գերազանցեն մարդկութեան յառաջիկայ պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, անշնչելի իրավիճակ ստեղծելով ամօթի զգացողութեամբ իրենց բարոյական ներկայութիւնը ունեցող մարդոց շրջանակին մէջ: