– ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14ը 28 Մարտին խստօրէն քննադատեցին Սուրիայէն բռնագրաւուած Կոլանի Բարձունքներուն Իսրայէլի մէկ մասնինկը նկատող Թրամփի որոշումը, Սուրիոյ առաջարկով տեղի ունեցած արտակարգ ժողովին ընթացքին, ուր Սուրիա ՄԱԿի բանաձեւերուն «աղաղակող ոտնակոխում» որակեց ամերիկեան քայլը։
– Հնդկաստանի արտադրած մէկ հրթիռը 28 Մարտին կրցած է յաջողութեամբ հարուածել մերձերկրային ծիրին մէջ գտնուող հնդկական արբանեակ մը, իւրայատուկ փորձարկումի մը ընթացքին։ Մինչ այդ նման հրթիռներու յաջող փորձեր կատարած էին միայն Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան։