ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, որ արդէն իսկ երկու տարիէն աւելի է, որ բանտարկուած է, հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Ենի Եասամ» թերթին։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ 31 Մարտին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն՝ ան ըսած է. «Մենք ահաբեկիչներ չենք, այլ մենք զոհ դարձած ենք պետութեան կողմէ իրականացող ահաբեկչութեան: Մենք ոչ ալ անջատողականներ ենք: Մենք դաշինքներ չունինք ընդդիմադիր քեմալական կամ «Լաւ» կուսակցութեանց հետ, բայց Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը պատմութեան աղբամանը նետելու համար, մենք կը սատարենք այդ կուսակցութիւններու թեկնածուներուն»։
Ան կոչ ըրած է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ անպայման մասնակցին գալիք ընտրութիւններուն եւ իրենց քուէն տան քրտամէտ կամ այլ ընդդիմադիր կուսակցութեանց, ընդդիմանալու համար ներկայի կառավարութեան վարած «ազգայնամոլ քաղաքականութեան»:
«Ձեր քուէներով դաս տուէք անարժան քաղաքական գործիչներուն», եզրակացուցած է Տեմիրթաշ։