ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ծառատունկ (Armenia Tree Project (ATP)) բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Յակոբեան» բնապահպանական կեդրոնի համատեղ կազմակերպած եւ՝ «Գագաթնաժողով յանուն անտառների» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 20-23 Հոկտեմբերին։
Ժողովին նպատակն է նպաստել Հայաստանի անտառներու վերաբերեալ քաղաքական որոշումներու բաց ու աշխոյժ քննարկումներուն՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ անտառներու պահպանութեան եւ վերականգնման ոլորտները բարելաւելու համար:
Ժողովին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու ոլորտին վերաբերեալ լիագումար նիստերու, քննարկումներու, զուգընթաց նիստերու, ինչպէս նաեւ այցելելու Հայաստանի անտառները: Տեղի պիտի ունենան նաեւ այցելութիւններ տեսարժան վայրեր եւ այլ հանդիպումներ:
Ժողովին օրակարգը, բանախօսներուն ցանկը եւ արձանագրութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւններ ու այլ մանրամասննութւններ պիտի հրապարակուին Յունիսին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (+374) 60-612520 թիւին, ace@aua.am հասցէին կամ այցելել՝ http://forestsummit.am կայքը։