ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Գերմանա-Հայկական համախմբումի նախագահ Ալպերթ Վայլեր կը յայտնէ, թէ մօտէն կը հետեւի Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Անդրադառնալով Արցախի տագնապին կարգաւորման գործընթացին, ան կը յայտնէ. «Հայաստան այցի ժամանակ ես վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ էի: Օդանաւին մէջ ես անձամբ անոր հետ այդ հարցը քննարկեցի եւ խնդրեցի, որ Ատրպէյճանի մէջ նախագահ Ալիեւի հետ իր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին բարձրացնէ սահմանէն դիպուկահարները ետ քաշելու հարցը, որպէսզի յետագային զոհեր չըլլան»: Վայլեր միաժամանակ վստահութիւն յայտնած է, որ Մերքել հարցը քննած է Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։
«Տեղեակ եմ, որ զոհերուն թիւը վերջին շրջանին նուազած է», աւելցուցած է ան:
Գերմանիոյ իշխող կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը կը հաստատէ, որ ինք կը շարունակէ իր գործընկերներուն առաջարկել՝ անձամբ ծանօթանալ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին:
«Ատիկա կը նշանակէ այցելել Արցախ եւ հանդիպիլ անոր քաղաքացիներուն հետ: Խօսքը մարդկային կեանքերու մասին է, այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին այս տարածաշրջանին մէջ», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Հայաստանի Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու մտադրութեան մասին, Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորը նշած է. «Պիտի փափաքէի, որ Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդը հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ որոշում կայացնողներէն մէկը ըլլար, լուծումներու որոնման հարցով մասնակցութիւն ունենար: Յոյս ունիմ, որ կու գայ այդ պահը, թէեւ պէտք է ուրախ ըլլանք, որ հիմա գոնէ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:
Վայլերի համաձայն ամէնէն կարեւոր հարցը խաղաղութիւն ապահովելն է, որ մարդիկ չզոհուին:
«Հակամարտութիւնները յաղթահարելու գերմանական ճանապարհի ամենակարեւոր մասը այն էր, որ Գերմանիա կրցաւ ընդունիլ իր սխալը, գիտակցեցաւ եւ ատոր համար ներողութիւն խնդրեց: Եւ սա հիմք, նախապայման դարձաւ, որ իր դրացիները, որոնց հետ Գերմանիան ունէր վէճեր, ընդհանուր լեզու գտնեն Գերմանիոյ հետ: Գերմանիան եղած է փոխզիջումներու կողմնակից, եւ փոխզիջում ըսելով՝ մենք կը հասկնանք, որ ատիկա մէկ կողմի զիջումը չէ, այլ ներգրաւուած կողմերու պատրաստակամութիւնն է զիջումներու երթալու», յայտնած է ան:
Իր օրինակը բերելով, ան մատնանշած է, որ ինք երկու անգամ եղած է Արցախ եւ այդ իսկ պատճառով չէ կրցած Պաքու երթալ, որովհետեւ Ատրպէյճան արտօնութիւն չի տար:
«Հոս կը հարցնեմ, որ եթէ ես, իբրեւ գերմանացի պատգամաւոր, կը փափաքիմ կապեր հաստատել, միջնորդել, ինչպէ՞ս պիտի ընեմ այդ մէկը, եթէ ինծի Ատրպէյճան երթալը կ՛արգիլուի», կ՛եզրակացնէ ան: