
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- 2015ին, երբ Լոս Անճելըսի մէջ սպասարկութիւններու ամենաարագ աճող ընկերութեան՝ «ՍըրվիսԹայթըն»ի համահիմնադիրները, որոնք նոր ապահոված էին իրենց գլխաւոր ներդրողներու աջակցութիւնը, կ՛որոշէին իրենց կեդրոնատեղին, ընտրանքը Կլենտէյլը եղաւ։
Այժմ 1.65 միլիառ տոլար արժող «ՍըրվիսԹայթըն»ի («Սպասարկութեանց Հսկայ») համահիմնադիրները՝ Վահէ Կուզոյեան (նախագահ) եւ Արա Մահտէսեան (գլխաւոր տնօրէն), որոնք Կլենտէյլի մէջ հասակ նետած են, Պրենտ պողոտայի վրայ եւ 134 ազատուղիին կից գտնուող իրենց կեդրոնատեղիէն կ՛առաջնորդեն բնակարանային սպասարկութիւններ տրամադրող ընկերութեանց հաղորդակցութեան արդիական միջոցներ տրամադրելով։
Արդարեւ, բնակարանատէրերուն ջրմուղագործի, ելեկտրական, ջերուցման, զովացումի ու օդափոխիչներու, ինչպէս նաեւ կանգառներու դուռերու նորոգութեանց սպասարկութիւններ տրամադրող ընկերութիւնները «ՍըրվիսԹայթըն»ի ծրագիրին շնորհիւ շատ աւելի արդիւնաւէտ, շահաբեր եւ գործնական ձեւերով կը տրամադրեն իրենց սպասարկութիւնները։
2015էն ի վեր, ընկերութեան 40 աշխատաւորներուն թիւը արդէն իսկ հասած առնուազն 600ի, մասամբ անցեալ տարուան ընթացքին գոյացուած 227 միլիոն տոլարի յաւելեալ ներդրումներուն շնորհիւ։
Կուզոյեան եւ Մահտէսեան իրենց ընտանիքներուն հետ 80ականներուն Լոս Անճելըս հաստատուած էին, առաջինը՝ Հայաստանէն, իսկ երկրորդը՝ Իրանէն եւ իրենց ծնողներուն նեցուկով բարձրագոյն ուսման արժանացած են։
Մահտէսեան եւ Կուզոյեան մասնագիտացած են համակարգչային գիտութեանց մէջ, առաջինը՝ «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ, իսկ երկրորդը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին։
Անոնք առաջին անգամն ըլլալով իրարու հանդիպած են երկու համալսարաններուն Հայ ուսանողական միութիւններուն կազմակերպած ձիւնագնացութեան մը ընթացքին եւ միասնաբար յղացած են արդի արհեստագիտութեան օգտագործումով «ՍըրվիսԹայթըն»ի նման հաստատութիւն մը հիմնելու գաղափարը։
Այժմ «ՍըրվիսԹայթըն»ը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ունի առնուազն 2500 յաճախորդներ, որոնք իրենց կարգին ունին մօտաւորապէս 50,000 պաշտօնեաներ։ Այս գործունէութիւնը աւելի դիւրաւ համակարգելու համար, ընկերութիւնը գրասենեակ մը բացած է նաեւ Աթլանթայի մէջ։
Ընկերութիւնը նաեւ նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի մէջ գործող արդի արհեստագիտութեան ընկերութեանց կամ նորարարութեան ջատագովներու եւ այդ ոլորտին յատուկ 10 աշխատաւորներով գրասենեակ մը բացած է Երեւանի մէջ, ուսումնասիրութեանց եւ զարգացման կարելիութիւններ հետապնդելու համար, մինչ Կլենտէյլի իր կեդրոնատեղիին մէջ տեղ տրամադրած է նոր ներգաղթած ձեռներեց հայորդիներու։
Լուսանկարը՝ ՔԵՆԹ ՆԻՇԻՄՈՒՐԱՅի